Թրիփոլիի Կացութիւնը Կրնայ Մտահոգիչ Դառնալ
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումին մասին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին բացած հետաքննութեան ընթացքին արհեստագիտական գերարդիական սարքեր օգտագործուած են, եւ առաջին իսկ օրէն փաստուած է, որ սուրիական գաղտնի սպասարկութիւնը կը գտնուի այդ պայթումներուն ետին:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, մզկիթներու պայթումին յանցանքով ամբաստանուած Եուսեֆ Տիապ իր ձերբակալումէն տասը վայրկեան ետք խոստովանած է իր ոճիրին մանրամասնութիւններուն մասին` նկարագրելով, թէ ինք ինչպէս ինքնաշարժը կեցուցած է Սալամ մզկիթին մօտ եւ ինչպէս պայթեցուցած է զայն:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կատարած հետաքննութիւնը շինծու է եւ երեւակայական` հաստատելով, որ անոնց բացայայտած անունները կուսակցութեան անդամներու չեն պատկանիր:
Իտ շեշտեց, որ Եուսեֆ Տիապ, որուն դէմ ամբաստանութիւն կայ, թէ ան այցելած է Սուրիա եւ դասաւորած պայթումին մանրամասնութիւնները, պահանջուած է սուրիական բանակին կողմէ` զինուորական ծառայութենէն փախուստ տալուն պատճառով:
Իտ շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի դէմ նիւթուած այս բեմագրութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ ան յարանուանական սադրանքներու դուռ կը բանայ: Ան կարեւոր նկատեց, որ այդ թղթածրարը դատական իշխանութիւններուն վստահուի եւ քաղաքական քննարկման շրջանակներէն դուրս բերուի:
Իտ նշեց, թէ Եուսեֆ Տիապի ձերբակալումէն երկու օր առաջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի մէկ պատասխանատուն այցելած է իրենց եւ խնդրած նոր էջ մը բանալ կուսակցութեան եւ բաժանմունքին միջեւ. «արդեօք ի՞նչ փոխուեցաւ այս իմաստով», հարց տուաւ Իտ:
Իտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ իրենք դատական իշխանութիւններէն բխած վճիռներուն կ՛ենթարկուին:
«Եթէ դատական իշխանութիւնները հաստատեն Թրիփոլիի պայթումներուն Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեա մեղսակցութիւնը, ապա անոնք թող լուծեն այս կուսակցութիւնը: Իսկ եթէ հակառակը ճիշդ ըլլայ, ապա պիտի պահանջենք լուծարել տեղեկահաւաքի բաժանմունքը», ընդգծեց Իտ:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով սալաֆական շարժումի պատասխանատուներէն, գրած է, թէ Պապ Թըպպանէի զինեալները կը սպասեն Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկագիրին, որպէսզի ըստ այնմ որոշեն, թէ ինչպէս պիտի վարուին:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ լարուածութիւնը եւ ատելութիւնը մեծապէս սրած է` աւելցնելով, որ անիկա կախեալ է մզկիթները պայթեցնելու յանցանքով ամբաստանեալները Ժապալ Մըհսենի պատասխանատուներուն կողմէ ապահովական ուժերուն յանձնելու քայլէն:
Սալաֆական շարժումի պատասխանատուները Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութենէն պահանջեցին յանցագործները յանձնել լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Սաքըր Եօթը Անձեր Ամբաստանեց`
Թրիփոլիի Պայթումները Կատարելու
Յանցանքով
Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ եօթը լիբանանցիներ ամբաստանեց զինեալ խմբաւորում մը կազմելու եւ ահաբեկչական գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի պայթումները գործելու յանցանքով:
Ամբաստանեալներէն երեքը` Եուսեֆ Տիապ, Անաս Համզի եւ Հիւսէյն Ժաաֆար արգելափակուած են, իսկ մնացեալ չորսը հետապնդումի ենթակայ են:


