Նախագահ Սլէյման Ատհայի Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ մաղթեց, որ այդ տօնը ըլլայ երկրին գերագոյն շահերուն եւ երկխօսութեան սկսելու մասին իմաստուն կերպով մտածելու առիթ, շրջանցելու համար քաղաքական տագնապի այս հանգրուանը եւ թեւակոխելու դէպի կայունութիւն եւ բարգաւաճում տանող ժամանակաշրջան:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն եւ նախկին երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի:

Share this Article
CATEGORIES