Ռումիէի Բանտին Մէջ Դարձեալ Ըմբոստութիւն Կ՛արձանագրուի
Ռումիէի բանտին մէջ երէկ յետմիջօրէին արձանագրուեցաւ ըմբոստութիւն մը` Ալլամ եւ Ուլուուէ ընտանիքներուն միջեւ:
Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցաւ շուրջ 20 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ արգելափակեալները յաջողեցան պատանդ առնել երկու բանտապահներ:
Ըմբոստութենէն ժամ մը ետք ապահովութեան ուժերը կրցան կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել` այլ արգելարաններ փոխադրելով խնդրայարոյց արգելափակեալները:
CATEGORIES Լիբանանեան

