Լիբանան Խոր Յուզումով Հրաժեշտ Տուաւ Ուատիհ Սաֆիի

Լիբանան խոր յուզումով իր վերջին հրաժեշտը տուաւ վաստակաւոր երգիչ Ուատիհ Սաֆիի:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ նախարար Կապի Լայեունի, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսայի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, նախարար Ուալիտ Տաուքի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, նախարարներու, երեսփոխաններու, ընտանիքին, հարազատներուն, մեծ թիւով արուեստագէտներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Ուատիհ Սաֆիի անունը մնայուն կերպով կապուած է Լիբանանի անուան, «այն աստիճան, որ մենք անոր ձայնին մէջ կը լսէինք Լիբանան երգող Լիբանանը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց Սաֆիի արուեստը եւ անոր գեղեցիկ ձայնը` նշելով, որ թերեւս վեց հազար տարի ետք Լիբանան նոր Ուատիհ Սաֆի մը կրնայ ունենալ:

Յուղարկաւորութեան աւարտին մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն հանրապետութեան նախագահին անունով Լիբանանեան Արժանեաց ոսկեայ շքանշանով պարգեւատրեց մեծ արուեստագէտը:

Ուատիհ Սաֆիի մարմինը հողին յանձնուեցաւ իր ծննդավայրին` Նիհայի մէջ:

Նշենք, որ նախքան Մար Ժըրժոս եկեղեցի փոխադրուիլը Սաֆիի դագաղը փոխադրուեցաւ Էշրեֆիէի Սաժես դպրոցը, ուր աշակերտները մոմերով եւ լիբանանեան դրօշներով դիմաւորեցին դագաղը եւ դպրոցին դիմաց իրենց ուսերուն վրայ բարձրացուցին զայն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES