Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Պատմական Եկեղեցի Մը Ախոռի Վերածած Են

 

 

 

 

 

 

 

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «հապեր.սոլ.օրկ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրքերը Ուրֆայի (պատմական Եդեսիա) Կերմուշ գիւղին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին ախոռի վերածած են:

Եկեղեցին, որուն տարիքը չի նշուիր, 10 տարի առաջ վերանորոգուած էր սփիւռքահայերու ջանքերով:

Տեղւոյն իշխանութիւնները երեք տարի առաջ երեք լեզուներով ցուցանակ փակցուցած են եկեղեցւոյ վրայ եւ նախատեսած են զայն բանալ զբօսաշրջիկներու առջեւ, սակայն ատոր փոխարէն, տեղացիները եկեղեցին սկսած են օգտագործել եղջերաւոր մեծ անասուններու համար իբրեւ գոմ:

«Կերմուշը նախապէս հայկական գիւղ եղած է: Տեղացիները զայն այժմ Տաղեթեղի կը կոչեն: Գանձ փնտռողները այսօր ալ կը շարունակեն եկեղեցւոյ տակ անցքեր փորելու: Թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին այսպիսի վիճակի հասած է, պէտք է պատասխանեն իշխանութեան ներկայացուցիչները», կը գրէ թրքական կայքէջը:

 

Share this Article
CATEGORIES