Եւրոպահայութեան Հզօր Ներուժի Համախմբում. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Կազմակերպութեամբ` Եւրոպահայութեան Երկօրեայ Խորհրդաժողով Պրիւքսելի Մէջ

 

Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներու, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու եւ եւրոպահայ համայնքներու ու մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ` 14 հոկտեմբերին Պրիւքսելի հայ տան մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոպահայոց Գ. համագումարին, որ կոչուած է համախմբելու եւրոպահայ ազգային ներուժը` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ:

Խորհրդաժողովը կը շարունակուի այսօր` երեքշաբթի, Եւրոպական Խորհրդարանի դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ նաեւ եւրոերեսփոխաններու եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներու:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս կու գան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան` որպէս ներկայացուցիչ ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Նախատեսուած օրակարգերով կը քննարկուին հայութեան եւ յատկապէս եւրոպահայութեան յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն կապուած հարցեր:

Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ կազմակերպուող նիստին վերլուծական զեկոյցներով հանդէս կու գան Եւրանեսթի Մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու փոխնախագահ Գնութ Ֆլեքենշթայն, Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնախումբի փոխնախագահ, Պուլկարիոյ եւրոերեսփոխան Անտրէյ Գովաչեւ, Կիպրոսի Լետրա քոլեճի նախագահ Իոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿ-ի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Բրիտանիոյ իրաւաբան Ճէոֆրէյ Ռոպերթսըն, Մինսքի խումբի Ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ, Եւրանեսթի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան եւ փրոֆեսէօրներ Իայիր Օրոն (Իսրայէլ), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստան), Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան) եւ Հանրի Թերիօ (Միացեալ Նահանգներ):

Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները` գիտակցելով հայ ազգային ներուժը համախմբելու ու կազմակերպելու անհրաժեշտութեան, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս ժողովին: Ներկայ կ՛ըլլան Պելճիքայի, Շուէտի, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Էսթոնիոյ, Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Սպանիոյ, Ռումանիոյ, Անգլիոյ, Աւստրիոյ համայնքներու աւելի քան հարիւր յիսուն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Ռուսիայէն մասնակիցներ եւ հայկական ու օտար մամուլի ներկայացուցիչներ:

Երկօրեայ խորհրդաժողովը յագեցած պիտի ըլլայ ներկայ քաղաքական իրավիճակներու մասին զեկուցումներով, Հայ դատի պահանջատիրութեան եւ ապագայի յաջողութեան գրաւականը հանդիսացող հարցերու քննարկումներով:

 

Share this Article
CATEGORIES