Ազրպէյճանական Կողմէն Կրակոց` Հայ Գիւղացիներուն Ուղղութեամբ

Տաւուշի մարզի ներքին Կարմիր աղբիւրի խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ կրակ բացած է հակառակորդը, որ կրակեց դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիներուն ուղղութեամբ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ ինքնաշարժին վրայ կրակոցին պատճառով` Նաւուր գիւղի բնակիչ Հայկ Ստեփան Քոսաքեան վիրաւորուեցաւ:

Ան փոխադրուած է Բերդի քաղաքային հիւանդանոց եւ միջին ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:

Share this Article
CATEGORIES