Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բարեկամական շրջանակի մը մէջ ներկայ պիտի ըլլաք տօնական հանդիպումի մը, ուր պիտի զգաք արուեստի ներգործութեան տրամադրութիւն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վերջերս ձեր կատարած ծանր աշխատանքը պիտի գնահատուի նիւթապէս եւ բարոյապէս: Այս գնահատանքը կը պարտիք ձեր անկեղծ եւ սրտաբուխ նուիրումին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր իրագործած մշակութային կամ արհեստագիտական արժեւորումը պիտի արձագանգէ ձեր շրջապատին մէջ: Ուրիշներ դասեր պիտի քաղեն ձեր օրինակէն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուժ տուէք ընկերային կեանքին մէջ ներկայութիւն ըլլալու: Կեանքէն փախչիլը, մեկուսանալը օգուտ չունին: Գիտցէք, որ մարդը մարդով կ՛ուրախանայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինչ որ կ՛ակնկալէք ուրիշներէն, յարգանք կամ անուշ խօսք մը, նոյնը ըրէք դուք: Կեանքը առեւտուր է: Տալը շատ կարեւոր է, լաւ իմացէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մանր-մունր հարցերու համար սիրտ մաշեցնելը  կամ ջղայնանալը անիմաստ է: Կարեւորութիւն մի՛ տաք շատախօսներու ըսի-ըսաւներուն: Իմաստուն եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ մուրհակի խնդիր ունիք, յարգեցէք ձեր պայմանաժամը, որպէսզի տոկոսի բարդութիւն չստեղծուի, նաեւ` ձեր վրայ վստահութիւն ունենան մարդիկ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նուէրի մը արժէքը իր գինին մէջ չէ, այլ` ընծայելու հոգեկան ուրախութեան: Մի՛ մոռնաք ձեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն տարեդարձը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գիտակից եղէք ձեր ունեցած գիտութեան եւ բարոյական բարձրութեան` առանց անգիտանալու ձեր շուրջիններուն ունեցած շնորհները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախախնամութեան ապաւինիլը իմաստութիւն է: Բախտին անիւը դուք չէք կրնար իր հունին մէջ պահել: Երկմիտ կամ կասկածամիտ մի՛ ըլլաք կեանքին վերիվայրումներուն նկատմամբ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաւոր երկրէ մը պիտի ստանաք նոր տեղեկութիւններ: Մի՛ մոռնաք ակնարկ մը նետելու ձեր համացանցի կայքէջին, ուր պիտի գտնէք մոռցուած հարցեր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դպրոցական հարցեր կը մտահոգեն ձեզ: Եթէ ծնողք էք, հետեւեցէք ձեր զաւակներուն կրթական հարցերուն: Եթէ մանկավարժ էք, ուսուցիչ, պատրաստ եղէք նոր գիտելիքներով ձեր աշակերտներուն ներկայանալու:

Share this Article
CATEGORIES