50 Տարի Առաջ (18 Հոկտեմբեր 1963)

Կիւվտէրի Արուեստի Աշխատանոցի Առիթով

Թիկնեղ, բայց ոչ անլոյծ տարածումով, որով կը հոսին մեր պարարտ վաճառականները, բացագանչութեան մը չափ խիտ, ինչպէս արուեստի աշխատաւոր մը միայն կրնայ ըլլալ, տենդոտ` ոչ թէ իր հաշուոյն, ինչպէս է Նահրի շոֆէօրը կամ առաւ-փախաւ փաստաբանը, այլ արդիական պալէ պարողին նման` ինքը ու իրմէ աւելին, պարզ` մարդոց համար միայն, ինչպէս է բարեւ մը, հինգ ղրուշնոց մը: Այս ամբողջը ի՞նչ կը սահմանեն. պատառ մը բան, ինչ որ կրցան մեր սովահար զգայարանքները խլել ձրի խնճոյքէն:

Այս ամբողջը Կիւվտէրի մասին այնքան ալ կարեւոր չէ: Աչքի չափով, սակարկութեամբ, բազմութեամբ ու բազմութեան ըսուած բաներ են: Եթէ հին գլուխ, քիչ մը միամիտ ու ծիծաղելի ուզէինք ըլլալ, կ՛աւելցնէինք նաեւ, թէ Կիւվտէր հայ երիտասարդ մըն է, թէ` ահաւասիկ մէկ փաստ եւս, թէ` հայ ստեղծագործ տաղանդը կենսունակ է, թէ` հպարտ պէտք է ըլլանք եւ այլն: Քառասուն տարի այսպէս ըսած ենք ու այդտեղ ալ մնացած ու դադրած է մեր հետաքրքրութիւնը: Հոս հոն մեր տաղանդին փաստերը փնտռելով ու երբեմն ալ գտնելով` կարծած ենք, թէ արդի հայ միտքը կը յառաջդիմէ: Ու մոռցած ենք կարգ մը ախտանշաններ. ինչո՞ւ Կրուսէի Հայաստանի պատմութեան Բ. հատորը չտպուեցաւ, ինչո՞ւ մեռաւ: Ն. Գ. Բ. շարժումը, ո՞ւր մնաց Ղազիկեանի հայկական նոր մատենագիտութեան Բ. հատորը, մեր մատենադարանները ինչո՞վ կը տարբերին կիսաքանդ, լքուած եկեղեցիներէ, ո՞ւր է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հայագիտական ամպիոնը եւ այլն: Ընդունի՞նք, մէկ անգամ ընդ միշտ, որ իբրեւ հաւաքականութիւն` շատ հասարակ, անտաղանդ, կարճատես ու ճարպիկ մարդերու գումար մըն ենք, եւ թէ` տաղանդաւոր հայեր կը բուսնին ի հեճուկս մեր անտարբերութեան ու միջակութեան: Թուրքերը արդեօք իրապէս յաջողա՞ծ են մեզ ազգովին բնաջնջել: Չընդունինք` հապա ի՞նչ ընենք:

Հարցը անշուշտ հոս չի վերջանար: Երեւոյթներ կան, որոնք պէտք է բացատրել, օրինակի համար` Կիւվտէրի պարագան: Ի՞նչ է այս երեւոյթը. հայ երիտասարդ արուեստագէտ մը նկարչական իր ուսումը աւարտելէ ետք եւրոպական ոստաններուն մէջ (մի հարցնէք, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ. ով որ անցած է ատկէ, ա՛ն միայն կրնայ հասկնալ) կը դառնայ Պէյրութ ու գրեթէ միս մինակ արուեստի կատարեալ դպրոց-աշխատանոց մը կը հիմնէ: Քանի մը օրէն բացումը տեղի պիտի ունենայ ու ատկէ ետք արուեստի աշխատանոցը պիտի մտնէ իր թափին մէջ ու պիտի ընթանայ կեանքի մէջէն կամ քովէն կամ ալ հեռուէն, ուզենք կամ չուզենք, քաջալերենք կամ ոչ: Այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ մօտաւոր սահմանում մը ընել այս երիտասարդին, բռնել զայն իր շարժումի քառուղիին, նայուածքի անկիւնին, նայիլ ձեռքի ու գաղափարի ծիրին ու չափել ճամբան դէպի ետ ու մանաւանդ` դէպի առաջ:

Բայց անձի սահմանումէն անդին կայ աւելին` հիմնականը. արուեստի կեանքը, մանրանկար հայրենիք` բոլոր անոնց, որոնց կենսագրութիւնը չէ կարելի գրել, որոնք բոլոր մարդոց նման կոյր, խուլ ու համր ըլլալով հանդերձ, դեռ կրնան հաղորդակցիլ իրարու հետ: Գաղտնի այդ լեզուն անշուշտ կարելի չէ սորվեցնել ու աշխատանոց մը արուեստագէտ չի կրնար ստեղծել: Աշխատանոց մը տաճարի պէս բան է, ու արուեստը, հաւատքի նման` կլիման է, որուն մէջ կրնայ ապրիլ խորագոյն էութիւնը մարդուն, եթէ ողջ է ան:

Այսինքն, ամէն ինչ ներսն է ու ոչինչ կայ դուրսը: Ոչինչ կը փայլի հոն. չկայ Ժաք Ֆաթ փողկապ ու պատուոյ սեղան ու մսավաճառի աֆիշ ու բոզի ժպիտ: Հինգ յարկ սանդուխ, բաց ու` ընդարձակ սենեակներ, գաճէ արձաններ ու ժանգոտ անգործածելի թէյամաններ, լապտերներ, տապակներ, տասնեակներով նկարչական տախտակներ յենակներով ու աթոռներով, գիրքեր ու լռութիւն: Ա՛յսքան: Ու սրահին կեդրոնին` միս մինակ ու բազմաթիւ` հայ արուեստագէտը:

Այնպէս որ, հայ ժողովուրդի տաղանդին փաստը չէ ան` Կիւվտէրը ու բոլոր իրեն նման արուեստագէտները: Այլ այդ արուեստագէտներու տաղանդին վկայութեա՛ն շնորհիւ է, որ հայ ժողովուրդը իր գոյութեան իրաւունքը կ՛առնէ, առիթ կ՛ունենայ իր ժողովուրդ ըլլալը փաստելու:

Ուրեմն Կիւվտէր երեւոյթ իսկ չէ: Երեւոյթը մենք ենք` մեռած անցեալի մը կառչած, ներկայի լուսանցքին ու ապագայի կրկնապատկերներով շլացած, քունը գլուխը ամէն բան գոց սորված: Ինք` Կիւվտէր, գտած իր տեւողութիւնը, իր ուղղութիւնը: Իր ըրածը բնականն է ու անխուսափելին:

Իսկ ի՞նչ կրնայ ընել հայ երիտասարդութիւնը: Հաւանաբար մէկ բան. մտածել, թէ արդեօք արուեստի միջավայրը չէ՞ այն միակ ու առանձնաշնորհեալ կալուածը` կարծր հողը, համազգային ճախճախուտին մէջ, ուր ան յաջողէր ինքզինքը ըլլալ, հասնէր իր ուժի գիտակցութեան, իրագործէր իրեն յատուկ ճակատագիրը, ինչ որ ալ ըլլար այդ ճակատագիրը… Կիւվտէր այդ առիթն է, որ կ՛ընծայէ:

Վ. ՕՇԱԿԱՆ

 

Հայ Արիներու Խանդավառ
Ձեռնարկը Գահիրէի Մէջ

Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»-ի մէջ (7 հոկտեմբեր) կը կարդանք.-

Հայ արիներու տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ, հոկտեմբեր 6, «Յուսաբեր»-ի Հելիոպոլսոյ ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Շրջանային պետ Մարտիրոս Քէշիշեանի բացման խօսքի առաջին բառերը վերակրկնումն էին մեր գաղութի այլեւս ամէնօրեայ «մեղեդի»-ին, հակառակ որ վաստակաւոր սկաուտներ կը մեկնին, հակառակ այն իրողութեան, որ մեկնողները մեր շարքերը կը նօսրացնեն, հակառակ շարունակուող մեկնումներուն…

Սակայն այս մեկնումի «հիւանդութեան» անծանօթ հայրենակից մը երբ յանկարծ մեր գաղութը գտնուէր եւ երէկ ալ ներկայ եղած ըլլար հայ արիներու ձեռնարկին, բնաւ ու երբեք մտքէն իսկ պիտի չանցնէր, թէ այսքան ափսոսանքի եւ աւաղումի պատճառ կար:

Սրահը լեցուն էր` մէկ ծայրէն միւսը:

Ամէն կողմ կը վխտային «մանրաչափ» գայլիկներ, սկաուտներ եւ երիտասարդներ:

Պատրաստուած էր խնամուած եւ բովանդակութեամբ շատ զուարթ յայտագիր մը:

Օրուան յայտագիրը առաւելաբար զուարթ էր, եւ ատով իսկ` ինքնատիպ: Կենդանի «ծաղրանկարներ», ծիծաղաշարժ կացութիւններու անխօս եւ կարճ ներկայացումներ եւ երկու հտպիտներ, որոնք յայտագրի դադարի պահերուն իսկ, իրենց միմոսութեամբ խնդացուցին ներկաները:

Նոյն խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ յայտագրէն ետք, պարանցիկ երեկոյթի ատեն:

Ուրախութեամբ յայտնենք, որ աստիճանաբաշխութեան ընթացքին Մարտիրոս Քէշիշեան նշանակուեցաւ շրջանային պետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES