Արուեստի Աշխարհէն. Շէյքսփիրի «Մատնահետքերը»` Էլիզապէթեան Երեք Թատրերգութիւններու Վրայ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ ՄԻՇՏ ԱԼ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆ ԸՍԵԼԻՔ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ՄԱՍԻՆ: ՕՐ ՄԸ ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԽՈՐՔԻՆ ՄԷՋ ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՆՁ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՒ ԻՆՔ ՉԷ ԻՐԵՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ, ՈՒՐԻՇ ՕՐ ՄԸ ՔԻՉ ԿԸ ՄՆԱՅ, ՈՐ ԸՍՈՒԻ, ԹԷ ԱՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ԳՐԱԾ Է «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ»: ՄԻՆՉ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆ ՓԱՐԱՏԱԾ, ԱՅԺՄ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԿԸ ՎԵՐԱՐԾԱՐԾԵՆ ԱՅՆ ՎԱՐԿԱԾԸ, ԹԷ ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԳՈՐԾԱԿՑԱԾ Է ԷԼԻԶԱՊԷԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ԱՅԼ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԵՒ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՈՐՈՇ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐ ԳՐԻ ԱՌԱԾ Է ԱՆՈՆՑ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: ԻՍԿ Ի՞ՆՉ ԵՆ ՆՈՐ ՓԱՍՏԵՐԸ. ԱՅԺՄ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ Կ՛ԱՐՁԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ՎՃԻՌԸ ԵՒ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ՇԷՅՔՍՓԻՐ «ՄԱՏ ՈՒՆԷՐ» 16-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՎԵՐՋԵՐՈՒ 3 ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: «ՏԻ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԲԱՑԱՏՐԵԼ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏՔ ԸՆԾԱՅԵԼ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:

Շէյքսփիր` աշխատանքի պահուն: 1600-ական տարիներու գեղանկար մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Լեզուագիտական «մատնահետքերու» քննութիւններ եւ այլ ուսումնասիրութիւններ ի յայտ բերած են, թէ Էլիզապէթեան ժամանակաշրջանի 3 թատրերգութիւններու մէջ որոշ տեսարաններ եւ հատուածներ կը կրեն Շէյքսփիրի կնիքը, մինչդեռ նախապէս անոնք կը վերագրուէին այլ հեղինակներու:

«Արտըն աֆ Ֆէյվըրշամ», «Տը սփենիշ թրեճըտի» եւ «Մաքետորըս» թատրերգութիւնները մաս պիտի կազմեն Շէյքսփիրի գործակցութեամբ գրի առնուած թատրերգութիւններու նոր հրատարակութեան մը: Շէյքսփիրի անուանի մասնագէտ Ճոնաթան Պէյթ կ՛ըսէ, թէ ապացոյցները համոզած են զինք` եզրակացնելու համար, թէ տուեալ թատրերգութիւններուն մէջ որոշ մասեր հաւանաբար կը պատկանին Շէյքսփիրի գրիչին:

Թատրերգութիւնները պիտի ներառուին հատորի մը մէջ, զոր Պէյթ կը խմբագրէ այլ մասնագէտներու հետ: Ծրագիրը արդիւնք է «Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»-ի եւ «Փոլկրէյվ Մաքմիլըն» հրատարակչատան միջեւ գործակցութեան: «Շէյքսփիր ափոքրիֆա»-ի նման թատրերգութիւններ երկար ժամանակէ ի վեր սրած են մասնագէտներու հետաքրքրութիւնը: Անվերջ վիճարկութիւններ ծաւալած են` որոշելու համար, թէ արդեօք Շէյքսփիր որեւէ այլ թատրերգութիւններ գրա՞ծ է իր «Առաջին ձեռագիր»-էն անդին, որ կը պարունակէ 36 թատրերգութիւններ, զորս մէկտեղած են Շէյքսփիրի հետ գործակցած դերասանները, աշուղին մահէն ետք: Այս ընդունուած հաւաքածոյէն դուրս Շէյքսփիրի պատկանող այլ գործերու վերաբերող վէճեր մղուած են 18-րդ դարէն ի վեր: Այժմ նոր ապացոյցներու պատկեր մը պիտի ներկայացուի «Ուիլիըմ Շէյքսփիր էնտ ատըրզ. քոլապըրէյթիւ փլէյզ» վերնագիրով գիրքի մը մէջ, որ լոյս պիտի տեսնէ հոկտեմբեր 28-ին:

Պէյթ, որ անգլերէն գրականութեան դասախօս է Օքսֆորտի համալսարանին մէջ, կ՛ըսէ, թէ հարցը «հաւանաբար միակ յատկանշական բացն է 21-րդ դարու շէյքսփիրեան գիտութեան մէջ»: Շէյքսփիրի ժամանակներէն գոյատեւած իւրաքանչիւր թատրերգութեան համակարգչային կատարելագործուած ուսումնասիրութիւններ առիթ տուած են վերոնշեալ գիրքին հեղինակներուն, որ «շատ աւելի հեռու երթան նախկին մասնագէտներու կարծիքներէն» եւ հաստատեն Շէյքսփիրի դերակատարութիւնը, ինչպէս կ՛ըսէ Պէյթ` նշելով, թէ այս յայտնաբերումը Շէյքսփիրը կը ներկայացնէ նոր լոյսի տակ` իբրեւ «վերաքննող, վերստին գրող եւ գործակցող հեղինակի»:

«Արտըն աֆ Ֆէյվըրշամ», զոր «Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»-ն պիտի բեմադրէ յառաջիկայ գարնան, 1590-ական տարիներու ընտանեկան ողբերգութիւն մըն է, որ հրատարակուած է անանուն: Անիկա կը պատմէ Ֆէյվըրշամէն (Քենթ) կնոջ մը մասին, որ իր սիրահարին հետ կը դաւադրէ իր ամուսինին սպանութիւնը, ապա կը փորձէ «ջնջել արեան հետքերը»` յիշեցնելով Շէյքսփիրի Լէյտի Մաքպեթը: Պէյթի գիրքը ցոյց կու տայ, թէ «քոփմսէյթ»-ի (քոմփենիըն. ընկերակից) նման բառեր, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ փոխաբերական պատկերներ, օրինակ` խանգարուած ուղեղ մը ցեխոտ ցայտաղբիւրի մը նմանցնել, մտածել կու տան Շէյքսփիրի գրիչին մասին:

«Ասիկա ծանօթ թատրերգութիւն մըն է շէյքսփիրեան ժամանակներու սիրահարներուն,- կ՛ըսէ Պէյթ:- Բազմաթիւ վէճեր մղուած են անոր հեղինակութեան վերաբերեալ: Սակայն մեր նոր ապացոյցները կը փաստեն, որ գէթ մէկ տեսարան` թատրերգութեան կեդրոնական հանդիպումը երկու սիրահարներուն միջեւ, կը պատկանի Շէյքսփիրի գրիչին: Հաւանաբար Թոմըս Քիտ հեղինակն է միւս տեսարաններուն»: Քիտ առաւելաբար ծանօթ է «Տը սփենիշ թրեճըտի» թատրերգութեամբ. 1580-ական տարիներու վրիժառութեան նիւթով թատրերգութիւն մը, որուն հետագային կցուած են յաւելեալ տեսարաններ, որոնք այժմ համակարգչային քննութիւններէ ետք կը վերագրուին Շէյքսփիրի եւ ոչ` անոր մրցակից թատերագիր Պեն Ճոնսընի:

«Այս թատրերգութիւնը կը պարունակէ յատկանշական յաւելեալ տեսարաններ եւ հրաշալի երկխօսութիւն մը այն հարցին մասին, թէ արդեօք գեղանկարիչ մը կրնա՞յ պատկերել վիշտը, թէ` միայն բանաստեղծ մը կրնայ պատկերել զայն», կ՛ըսէ Պէյթ:

Պարագայական որոշ տուեալներ կ՛ապացուցեն, թէ «Տը սփենիշ թրեճըտի»-ն փոխանցուած է Շէյքսփիրի գլխաւորած թատերախումբին, եւ թէ` կեդրոնական տիպարը մարմնաւորած է Շէյքսփիրի բարեկամ Ռիչըրտ Պըրպէյճը, որուն համար ան գրած է «Համլեթ» եւ «Քինկ Լիր» թատրերգութիւնները:

«Մաքետորըս» 1590-ական տարիներու զաւեշտ մըն է, զոր Շէյքսփիրի գլխաւորած թատերախումբը վերակենդանացուցած է 1610-ին, անոր կցելով յաւելեալ տեսարաններ: Պէյթ կ՛ըսէ. «Կը հաւատանք, թէ այս տեսարաններէն գէթ մէկը լեզուագիտական առումով կը կրէ Շէյքսփիրի մատնահետքերը»: Անիկա կը պարունակէ Շէյքսփիրի բնորոշ եզրեր, ինչպէս` «ուըրթլես թրանք», որ գործածուած է «Հենրի Ե.» թատրերգութեան մէջ, «հայ էքսթոլմընթ», որ գործածուած է «Համլեթ»-ի մէջ, ինչպէս նաեւ` բեմադրական հռչակաւոր ցուցմունք մը` «Էկզիթ. փըրսիւտ պայ է պեր» (դուրս. արջի մը կողմէ հալածուելով), որ գործածուած է «Տը ուինթըր՛զ թէյլ» թատրերգութեան մէջ:

Սակայն, արդեօք այս գրութիւնները ի վերջոյ վայե՞լ են Շէյքսփիրի: Պէյթի համաձայն, «Տը սփենիշ թրեճըտի» թատրերգութեան հատուածները իրապէ՛ս վայել են անոր գրիչին. «Այս մէկը շատոնց ճանչցուած է եւ հաստատուած»: Շէյքսփիրի այլ մասնագէտ մը` Սթենլի Ուելս կ՛ըսէ. «Շէյքսփիր մեծ հանճար մըն էր եւ միաժամանակ` ապսպրանքներ ստանձնող թատերագիր մը: Երբ նոր հայեցակէտով կը քննենք այն թատրերգութիւնները, որոնց մէջ հաւանաբար ան շարժած է իր գրիչը, տուեալ գործերը մէկ օրէն միւսը աւելի լաւ որակ մը չեն ստանար: Սակայն անոնք կրնան բարելաւել Շէյքսփիրի արհեստավարժ մօտեցումը հասկնալու մեր կարողութիւնը»:

«Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»-ի գեղարուեստական ղեկավար Կրեկորի Տորան նոր ուսումնասիրութիւնը կ՛որակէ «հրաշալի», թէեւ կը հաւատայ, թէ գերագոյն քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ, երբ թատրերգութիւններուն բառերը լսենք դերասաններուն շրթներէն: Այս թատրերգութիւնները գրուած են հեղինակներու միջեւ շատ աւելի սերտ գործակցութեամբ, քան ինչ որ կը պատկերացնենք: Նման միատեղ հեղինակութիւններ աւելի կասկածով կը դիմաւորենք թատրոնի պարագային, քան` ժապաւէնի կամ պատկերասփիւռի յայտագիրներու», կ՛ըսէ ան:

«Արտըն աֆ Ֆէյվըրշամ»-ի մասին խօսելով` Տորան կ՛ըսէ. «Հոյակապ թատրերգութիւն մըն է: Պատմութիւն պատմելու բարդ ոճը փայլուն է եւ կը պարունակէ կատարեալ հանճարի մը դրոշմը: Հետեւաբար, կատարելապէս պատրաստ եմ ընդունելու մասնագէտներու այն կարծիքը, թէ հաւանաբար Շէյքսփիրի մատը կայ անոր մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES