Արուեստի Աշխարհէն. «Գաղտնի Թանգարանը»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՎԱՆ ԿՈԿԻ ՑԱՐԴ ԱՆԾԱՆՕԹ ՃԵՊԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԵՐԸ ԴԱՌՆ ԵՒ ՔԱՂՑՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԱՆՈՐ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՏԱՂԱՆԴԻՆ ԵՒ ՉԱՊՐՈՒԱԾ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՃԵՊԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՂ ԳԻՐՔԻ ՄԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԸ:

Տկարութիւն մը ունիմ հռչակաւոր արուեստագէտներու ճեպանկարներու գիրքերուն եւ անուանի յայտնագործողներու անձնական նոթատետրերուն նկատմամբ: Հետեւաբար հրճուանքով ի յայտ բերի, թէ Վան Կոկ եւս պահած է նման տետրակներ, որոնց գոյութեան մասին շատեր ոչինչ գիտեն: 1882-ին Վան Կոկ իր եղբօրը` Թէոյի գրած է հետեւեալը. «Ճեպանկարներու գիրքս ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կը փորձեմ իրերը նկարել շարժման մէջ»: Այսուհանդերձ, արուեստագէտին հանճարին այս անձնական հաստատումը մինչեւ վերջերս անծանօթ կը մնար հանրութեան: Այժմ Մոլի Օլֆիլտ թաքուն գոհար մը լոյս աշխարհ կը բերէ իր «Տը սիքրըթ միւզիըմ» վերնագիրով գիրքին մէջ, որ ծաղկաքաղ մըն է ցարդ չտեսնուած «գանձերու, որոնք չափազանց թանկարժէք են` ցուցադրելու համար»: Անոնք քաղուած են աշխարհի առաջնակարգ մշակութային հաստատութիւններուն թաքուն շտեմարաններէն եւ արխիւներէն:

Օլտֆիլտ Ամսթերտամի մէջ Վան Կոկի թանգարանէն կը յայտնաբերէ ցարդ գոյատեւած ճեպանկարներու 7 գիրքեր, որոնցմէ միայն 4-ին սկզբնական կողքերը պահպանուած են: Անոնք բծախնդրութեամբ պահուած են թանգարանին գծանկարներու եւ տպագրութիւններու արխիւին մէջ: Առաջին գիրքերը կը պատմեն Վան Կոկի ստացած կրօնական դաստիարակութեան մասին, եւ թէ` ինչպէս ան իր ոգեղէն ջերմեռանդ ապրումները վերածած է ստեղծագործական գործընթացի: Օլտֆիլտ կը գրէ.

«Վան Կոկ խորապէս պատրաստուած էր կրօնական կեանքի: Սակայն 26 տարեկանին ան իր կրօնական եռանդը փոխադրեց արուեստի աշխարհ: Փոխարէնը` ան որոշեց արուեստագէտ դառնալ, որովհետեւ կը հաւատար, թէ մարդկութեան, պէտք էր կտակէր «որոշ յիշատակ մը, գծանկարներու եւ գեղանկարներու միջոցով, ոչ թէ այս կամ այն դպրոցին հետեւողութեամբ, այլ` արտայայտելու համար մարդկային հարազատ զգացումներ», ինչպէս գրած է ան»:

«Այնուհետեւ Վան Կոկ փոխադրուած է Հոլանտայի գեղջկական Նիուընըն գիւղաւանը` ապրելու համար իր ծնողներուն հետ եւ սորվելու իր արհեստը»:

Վան Կոկի ճեպանկարներու առաջին գիրքը:

Վան Կոկի ճեպանկարներու գիրքերուն անհամար էջերը թերթելով` Օլտֆիլտ կը խորհրդածէ արուեստագէտին ստեղծագործական ճանապարհը արտացոլացնող նման արձանագրութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ` այն դառն ու քաղցր յիշատակին, զոր գիրքերը ձգած են իրենց ետին:

«Ճեպանկարներու առաջին գիրքին ներսի կողքը կապոյտ է եւ խճանկարի երեւոյթ ունի, իսկ ետեւի կողքին մէջ կայ դատարկ գրպան մը: Առաջին նկարը, որ Վան Կոկ գծած է այս գիրքին մէջ, Նիուընընի մէկ եկեղեցիին ճեպանկարն է. արուեստագէտը զայն հետագային պիտի փոխադրէր պաստառի վրայ` գծելով «Ծովային տեսարան` Սխեւընինկընի մէջ» եւ «Նիուընընի վերանորոգուած եկեղեցիէն դուրս եկող հօտը» գեղանկարները:

Այս երկու գեղանկարները կը ցուցադրուէին Ամսթերտամի Վան Կոկի թանգարանին մէջ, սակայն գողցուեցան 2002-ին: Ցարդ յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կը գտնուին անոնք, թէ` ո՛վ տարած է զանոնք: Վան Կոկի նոթատետրին մէջ մատիտով ճեպանկար մը միայն կը գոյատեւէ իբրեւ միակ հետքը` կորսուած գլուխ գործոցներուն:

«Նիուընընի վերանորոգուած եկեղեցիէն դուրս եկող հօտը» (գծուած` 1884-ին եւ այժմ` անհետ կորսուած):

Ճեպանկարներու այս առաջին գիրքին մնացեալ էջերը լեցուն են մարդոց եւ վայրերու գծանկարներով, որոնք կը պատկերեն Նիուընընի գեղջկական կեանքը:

Ճեպանկարներու երկրորդ գիրքին կողքը սեւ է: Անոր մէջ կը շարունակուին Նիուընընի պատկերները, ապա կը յաջորդեն տեսարաններ` Անվերէն, ուր Վան Կոկ տեղափոխուած էր 1885-ին: Հոս է, որ ան մեծ հետաքրքրութիւն սկսած էր ցուցաբերել ճափոնական փայտի վրայ տպագրուած պատկերներու նկատմամբ: Այսուհանդերձ, արուեստագէտը, որ գլխաւորաբար կը սնանէր հացով, սուրճով եւ օշինդրօղիով (ապսինթ), հիւանդացած էր եւ տեղափոխուած` Փարիզ, ապրելու համար իր եղբօրը հետ, եւ ուր սկսած էր գծել ճեպանկարներու իր երրորդ գիրքը. քառանկիւն հսկայական տետրակ մը` բաղդատած նախորդ գրպանի գիրքերուն, եւ զոր պատկերազարդած էր փարիզեցիներու, թանգարաններու մէջ ցուցադրուող քանդակներու եւ բնորդներու նկարներով: Օլտֆիլտ հիացումով կը գրէ.

«Մատիտով ճեպանկար մը մտածել կու տար, թէ կը պատկերէր ջաղացք մը Մոնմարթի մէջ, որ գեղջկական գիւղաւան մըն էր այդ ժամանակներուն: Այս ջաղացքը հետագային պիտի յայտնուէր Վան Կոկի բազմաթիւ գեղանկարներուն մէջ: Ճեպանկարներու երրորդ գիրքը կը պարունակէ նաեւ ծաղիկներու ճեպանկարներ, Թէօ վան Կոկի լուացքի ցանկը եւ նամակ մը, զոր Վինսընթ կաւիճով գրած է իր եղբօր: Այս գիրքէն պատռուած էջի մը վրայ Վան Կոկ նոթ մը գրած է իր եղբօր` տեղեկացնելով իր Փարիզ հասնելուն մասին»:

Այսուհանդերձ, Վան Կոկ տակաւին համակուած կը մնար քաղաքամերձ շրջաններու տեսարաններով եւ 1888-ին հեռացած էր Փարիզէն` հաստատուելու համար հարաւային Ֆրանսայի Արլ շրջանին մէջ: Հոս է, որ ան հանդիպած է Ժանն Քալմ անունով 13 տարեկան աղջկան մը, որ իր հօրեղբօր վաճառատան մէջ իրեն վաճառած է գունաւոր մատիտներ: Ան Վան Կոկը նկարագրած է իբրեւ «աղտոտ, վատ հանդերձանքով եւ հակակրելի մարդ մը»: (Հետաքրքրական է, որ Ժանն մէկ դար աւելի պիտի ապրէր Վան Կոկէն: Ան մեռաւ 1997-ին` 122 տարեկանին): Թերեւս իրապէ՛ս հակակրելի էր ան, սակայն Վան Կոկ առանձին կը զգար եւ կը ձգտէր արուեստագէտներու գաղութ մը ստեղծել Արլի մէջ: Ի վերջոյ Փոլ Կոկէն միացած էր անոր եւ երկուքը միասին ապրած էին հռչակաւոր Դեղին բնակարանին մէջ, ուր Վան Կոկի արեւածաղիկներու մէկ գեղանկարը կը զարդարէր Կոկենի սենեակը:

Վան Կոկի արեւածաղիկներու ճեպանկարները` անոր վերջին գիրքին մէջ:

Ճեպանկարներու վերջին գիրքը` շքեղ հատոր մը` կտաւէ շապիկով եւ զայն փակելու ծառայող ժապաւէնով, կը պարունակէ Վան Կոկի հռչակաւոր «Արեւածաղիկներ»-ու շարքին առաջին տարբերակները: Օլտֆիլտ ցաւով կը նշէ.

«Իր կեանքին ընթացքին ոչ մէկ գեղանկար վաճառած ըլլալով` Վան Կոկ այդ պահուն երբեք չէր կրնար երեւակայել, թէ օր մը իր արեւածաղիկները ակնթարթի մէջ պիտի ճանչցուէին ամբողջ աշխարհի տարածքին»:

Այսուհանդերձ, Վան Կոկի գեղարուեստական երազը շուտով մղձաւանջի պիտի վերածուէր: Արլի բնակիչները խնդրագիր ներկայացուցած էին` պահանջելով անոր վտարումը Դեղին բնակարանէն, պատճառ նշելով անոր խելագարութիւնը: Վան Կոկ շուտով փոխադրուած էր մտային հիւանդութիւններէ տառապողներու բուժարան մը, ուր շարունակած էր գծել: 1890-ի մայիսին ան փոխադրուած էր հարաւարեւմտեան Ֆրանսայի Օվեր-սիւր-Ուազ շրջանը` աւելի մօտ ապրելու համար իր բժիշկին եւ իր եղբօրը: Երկու ամիս ետք ան զէնքով անձնասպան եղած էր` մտածելով, թէ ձախողած անձ մըն էր, իր ետին ձգելով ճեպանկարներու իր վերջին գիրքը` իբրեւ անմխիթար ուրուականը իր չապրուած երազին: Օլտֆիլտ կը խորհրդածէ.

«Վերջին գիրքին մէջ կան արեւածաղիկներու երկու ճեպանկարներ: Անոնցմէ մէկը կը պատկերէ 16 արեւածաղիկներ ծաղկամանի մը մէջ եւ 12 ցօղուններ` այլ ծաղկամանի մը: Գծանկարները կը համապատասխանեն այն երկու գեղանկարներուն, որոնք կը պատկանին Վան Կոկի թանգարանին: Ծաղկամանները կը պարունակեն նոյն թիւով ծաղիկներ: Թերեւս Վան Կոկ կը ճեպանկարէր` յիշելով աւելի ուրախ ժամանակներ»:

«Եւ այժմ հարց կու տամ, որ եթէ Վան Կոկ գիտնար, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընկալուէին իր գեղանկարները, արդեօք անձնասպանութիւն պիտի գործէ՞ր: Իսկ եթէ վերջ դրած չըլլար իր կեանքին, արդեօք ի՞նչ այլ գեղանկարներ պիտի գծէր»:

 

Share this Article
CATEGORIES