Պըրրի Ողջունեց Հիւլէականի Թղթածրարին Շուրջ Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ Բանակցութիւնները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ողջունեց հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ «5+1» պետութիւններու միջեւ բանակցութիւնները:
Պըրրի նշեց, որ, անկախ այն իրականութենէն, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ անոնց արդիւնքները, ցարդ արձանագրուած բանակցութիւնները իրանեան դիւանագիտութեան համար յաղթանակ կը նկատուին:
«Այսպիսով Իրան դիւանագիտական միջոցներով կու գայ պաշտպանելու իր գերիշխանական եւ ռազմավարական թղթածրարները, որոնց շարքին ան կը պաշտպանէ հիւլէական իբրեւ պետութիւն իր ուժը խաղաղ նպատակներու ծառայեցնող իր իրաւունքը», ըսաւ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ պէտք է այդ բանակցութիւններէն ուսանելի դասեր քաղել եւ համոզուիլ, որ որեւէ հարց կամ տագնապ կարելի է լուծել երկխօսութեամբ եւ դիւանագիտական միջոցներով: «Լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, թէ իրենք կրնան գերիշխան կերպով ապրիլ իրենց երկրին մէջ եւ վայելել անոր հողին եւ բնական հարստութեան բարիքները, առանց ապահովական բացթողումի», նշեց Պըրրի:
Միւս կողմէ, Ատհայի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, վարչապետ Թամմամ Սալամէն, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելէն, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահներ Միշել Մըրէն եւ Էլի Ֆըրզլիէն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլէն, Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանէն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատէն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն եւ պետական ու բարձրաստիճան մեծ թիւով անձնաւորութիւններէ:
Իր կարգին, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն Ատհայի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ անոր բարի ապաքինում մաղթեց` անոր ենթարկուած վիրահատութեան համար:

