Զօր. Աուն Այցելեց Ռայի Պատրիարքին
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին տուած իր այցելութիւնը սովորական է եւ կ՛իյնայ լիբանանեան մտահոգիչ պայմանները քննարկելու շրջագիծին մէջ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք Ռայի պատրիարքին հետ տեսակէտներ փոխանակած է եւ խորհրդակցած Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բարելաւելու նպատակով:
«Իբրեւ քրիստոնեայ կը ներկայացնեմ մեծ թիւով լիբանանցիներ եւ կոչ կ՛ուղղեմ անոնց` միասնականութեամբ դիմագրաւելու այս տագնապը, նոյնիսկ երբ քաղաքական մրցակցութիւն կը տիրէ երկրին մէջ, որովհետեւ կան ազգային ճակատագրական խնդիրներ, որոնց լուծումը միայն միասնականութեամբ կարելի է ապահովել», ըսաւ զօր. Աուն:

