Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Բանակը` Ականուած Ինքնաշարժ Մը Բացայայտելուն Համար
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը, որ Ատհայի նախօրեակին Հարաւային արուարձաններուն մօտակայքը Մաամուրայի մէջ բացայայտած էր ականուած ինքնաշարժ մը` շեշտելով, որ բանակը մնայուն կերպով կը հսկէ քաղաքացիներուն ապահովութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երաշխաւորելու համար անոնց ապահովական կայունութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, անցեալ երեքշաբթի օր ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցի, ուր ան ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանցի վաստակաւոր արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆիի հարազատներուն:
Ուատիհ Սաֆիի մահուան առիթով նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Սաֆի Լիբանանի համար անոր քայլերգին չափ կարեւոր երգեր յօրինած է, եւ որ Սաֆիի ձայնը միշտ պիտի հնչէ Լիբանանի լեռներուն, դաշտերուն եւ հովիտներուն, լիբանանցիներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն բնակարաններուն մէջ:

