Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը` Դրական Եւ Անորոշ Լարերու Վրայ
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը երէկ արձանագրեց զարգացում մը, որուն լոյսին տակ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ կը գտնուէր Պրիւքսէլ` Ազգային ոճիրներու կանխարգիլման թեմայով յատուկ խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ, ստիպուեցաւ մեկնիլ Թուրքիա:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քաթարի Թամիմ իշխանին հետ եւ Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորելով զայն` խնդրած է անոր օժանդակութիւնը` առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին առումով:
Շէյխ Թամիմ խոստացած է ընդառաջել եւ մօտիկ ապագային այդ թղթածրարին դրական աւարտ մը սահմանել:
Շարպել յայտնեց, որ թրքական կողմը Ապպաս Իպրահիմի հետ կապուած է, որովհետեւ Ազեզի հարցով նորութիւն մը արձանագրուած է: Ան աւելցուց, որ այս ամսուան ընթացքին առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը դրական աւարտ պիտի ունենայ:
Կը նախատեսուէր, որ զօր. Իպրահիմ աւելի ուշ վերադառնար Պէյրութ: Իսկ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման թղթածրարը ընդգրկէ նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն ազատ արձակումը:
Ըստ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, լիբանանցիներուն ազատ արձակումը յաւելեալ ջանքերու կը կարօտի:

