ՀՅԴ-ն Հաւանաբար Դադրի Բարոյագիտութեան Յանձնախումբի Աշխատանքներուն Մասնակցելէ

Երէկ պատգամաւորի վարքագիծի կանոններու մասին խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան կատարած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նախ մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ Ազգային ժողովի բարոյագիտական յանձնախումբին մէջ ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ ուժերը հաւասարակշռուած չեն: Ըստ անոր` ուժերու դասաւորուածութիւնը  չ՛ենթադրեր, որ ընդդիմութիւնը կարելիութիւն ունենայ իր որոշումը տալու, «ուստի այդ յանձնախումբի որոշումներէն շատ բան կարելի չէ սպասել»:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, յանձնախումբ  մը եթէ չկրցաւ ընդդիմութեան դերակատարութիւնը կարեւոր նկատել այն առումով, որ ընդդիմութիւնը նաեւ յաջողի որոշումներ տալ, այն ատեն պիտի ունենանք անարդիւնաւէտ համակարգ, ինչպէս որ ունինք հիմա: «Բազմաթիւ դիմումներ` ներկայացուած խորհրդարանի բարոյագիտական յանձնախումբին, կը մերժուին` մեկնաբանելով, թէ ապացոյցները բաւարար չեն կամ չեն վերաբերիր ճշգրիտ պարագային: Ես կը կարծեմ, թէ դիմում ներկայացնողը պարտաւոր չէ նաեւ ներկայացնելու բոլոր ապացոյցները: Ան պարտաւոր չէ ամէն գնով փորձ կատարելու որոշ ապացոյցներ տրամադրելու, այն ալ` հանրային այնպիսի վարքագիծի վերաբերեալ, երբ պատգամաւորը հանրային նման կեցուածք կը դրսեւորէ: Կարեւորագոյնը, իմ կարծիքովս, յանձնախումբի կազմաւորման սկզբունքն է», հաստատած է ան:

Արծուիկ Մինասեան յայտարարած է, որ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկային հանդէս գալ 10 կէտէ բաղկացած սկզբունքային առաջարկներով: Այդ առաջարկներուն ընկալման հիման վրայ պիտի որոշեն իրենց հետագայ մասնակցութիւնը Ազգային ժողովի բարոյագիտական յանձնախումբի աշխատանքներուն: Դաշնակցութիւնը կրնայ նաեւ դադրեցնել իր մասնակցութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES