Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց ԱՊՀ Անվտանգութեան Կառոյցներու Ներկայացուցիչները

Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ապահովութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 35-րդ նիստին մասնակցած պատուիրակութիւններու ղեկավարները:

Նախագահը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ արդէն 4-րդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցող ապահովութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի աշխատանքը: Նկատի առնելով ազգային, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային մակարդակներուն վրայ անվտանգութեան ապահովման արդիականութիւնը եւ առաջնահերթութիւնները, նախագահը ընդգծեց այդ ուղղութեամբ ԱՊՀ ծիրին մէջ համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ապահովութեան սպառնացող դրսեւորումներուն դէմ պայքարի հարցերը միշտ ալ կ՛արժանանան պետութիւններու յատուկ ուշադրութեան եւ այդ առումով այսպիսի կառոյցներու աշխատանքը մնայուն կերպով արդիական եւ չափազանց կարեւոր է: Ըստ նախագահին` այս մարզին, ինչպէս նաեւ այլ մարզերու մէջ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը զգալիօրէն կը նպաստէ նաեւ միջպետական կապերու սերտացման եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան յաւելեալ ամրապնդման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնդրանքով, հանդիպման ընթացքին հիւրերը ներկայացուցին խորհուրդին ծաղկաձորեան նիստին ընթացքին քննարկուած հարցերը եւ տրուած որոշումները:

Խորհուրդի նախագահ, Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով արդիւնաւէտ նկատեց ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ապահովութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի աշխատանքը նախորդ նիստերուն ժամանակ, ինչպէս նաեւ Ծաղկաձորի մէջ: Ան նշեց, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ ապահովութեան սպառնացող արդի մարտահրաւէրներուն` ահաբեկչութեան, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, կազմակերպուած ոճիրի եւ բազմաթիւ այլ վտանգաւոր երեւոյթներու դէմ պայքարին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժ ձեւով կը զարգանայ խորհուրդի ծիրին մէջ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ երկիրներու միջեւ փորձառութեան փոխանակումը, ազգային օրէնսդրութիւններու ներդաշնակեցման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքը:

Հանդիպման աւարտին նախագահը յաջողութիւն մաղթեց խորհուրդին հետագայ աշխատանքներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES