Եւրոպահայութեան Երկօրեայ Խորհրդաժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները
Պրիւքսելի մէջ, հոկտեմբեր 14-15-ին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի (ԵՀԴՅ) գրասենեակին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը, որուն բացումը կատարեց ԵՀԴՅ նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Ապա, իրենց ներկայութեամբ համագումարը պատուեցին եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Արամ Ա., Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան` իբրեւ ներկայացուցիչ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Յատկանշական էր, որ երկօրեայ օրակարգերուն քննարկման ընթացքին օտար երեսփոխանները, քաղաքագէտները եւ մասնագէտները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան գաղութներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման հարցի տարբեր երեսները, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յառաջընթացը, Եւրոպայի հայ գաղութներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարողականութիւնը, Հայկական ցեղասպանութեան հատուցման հարցերն եւ իրաւունքներու հետապնդման նոր քաղաքականութեան մը մշակումը:
Խորհրդաժողովի մանրամասնութիւնները պիտի հրատարակենք մեր յառաջիկայ թիւերով:

