Հայաստան – ՕԹԱՆ Յարաբերութիւններու Քննարկում

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան 17 հոկտեմբերին ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճեյմզ Ափաթուրայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-ՕԹԱՆ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ հանգրուանն ու ապագայ հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ՕԹԱՆ Անհատական գործընկերութեան գործողութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES