Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ժամանակն է, որ աւարտէք ձեր ձեռքին եղած աշխատանքը, որպէսզի չուշանաք ձեր խոստումը յարգելու: Ձեր վարկը պահեցէք, կը շահիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր զգացումները արտայայտեցէք անկաշկանդ, մանաւանդ` սիրոյ ձեր զգացումները: Եղէք համարձակ, որովհետեւ ձեր շահը այդ կը պահանջէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ անդրադարձած էք, որ սխալ մը գործած էք անցեալին, երբեք ուշ չէ զայն սրբագրելու: Ինքնաքննարկումը քաջութիւն կը նշանակէ: Օրը օգտակար է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պտոյտ մը կատարեցէք բնութեան մէջ, որուն կարիքը ունիք: Նոյն շրջանակին մէջ միօրինակ տրամադրութեամբ մնալը կը ձանձրացնէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարգաւորեցէք ձեր աշխատանքը, երբ կը գործակցիք ուրիշներու հետ: Նկատի առէք անոնց տեսակէտը, որպէսզի օրը ըլլայ արդիւնաւէտ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ գործ ունենաք մանուկներու հետ, պիտի զգաք անոնց պահանջը եւ պիտի անդրադառնաք ձեր մանկութեան: Կեանքը առէք այնպէս, ինչպէս որ է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր տան յարդարման կամ այլ տեսակի աշխատանքներով պիտի զբաղիք: Պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն` լաւ արդիւնք ձեռք ձգած ըլլալու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խումբով հանդիպում մը կամ պտոյտ մը ունենալու հաճոյքը պիտի զգաք: Շաբաթավերջի համար լաւ յայտագիր մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի կարենաք իրագործել հին երազ մը` առանց յոգնութեան կամ ճիգի: Բախտը կու գայ ինքնին, առանց հրաւէրի կամ հետապնդումի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հաճելի է ձեր շուրջը տեսնել ուրախ եւ ժպտուն անձեր: Ասոր պատճառը ձեր հմայքն է: Ուրեմն մնացէք նոյն տրամադրութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի համար կը բացուի դրական հանգրուան մը: Պէտք է դիմագրաւէք այս առիթը` առանց յամենալու: Ունիք բախտաբեր գործունէութիւն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շուրջը կը տիրէ տօնական մթնոլորտ, պիտի կարենաք դրական արդիւնք ապահովել այս օրուան բարիքներէն:

