50 Տարի Առաջ (19 Հոկտեմբեր 1963)
Խմբագրական
Անթիլիասի Դպրեվանքը
(34-րդ Տարեշրջանին Առիթով)
Երկրորդ էջի մէջ հրատարակեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 34-րդ տարեշրջանի բացման հանդէսին նկարագրութիւնը, եւ այդ հանդիսութեան ընթացքին հաստատութեան տեսուչ Գարեգին ծ. վարդապետին խօսած բացման ճառը, որ իր խորիմաստ բովանդակութեամբ եւ գաղափարական բարձր շունչով հանգանակի մը բնոյթ կը ստանայ` ուսանելի մասնաւորաբար դպրեվանքի սաներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնց համար, որոնք մօտէն կը հետաքրքրուին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեանքով ու առաքելութեամբ:
Դպրեվանքի 34-րդ տարեշրջանի բացումը առիթ կու տայ մեզի անգամ մը եւս անդրադառնալու այն դերին ու կոչումին, որ այս նուիրական հաստատութիւնը ունի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Անոր երանաշնորհ հիմնադիրները` երջանկայիշատակ Բաբգէն կաթողիկոս եւ հոգելոյս Շահէ սրբազան, երբ 34 տարիներ առաջ գեղեցիկ երազ մը կ՛իրականացնէին, ունէին ընդհանրական մտահոգութիւնը մեր եկեղեցիին, որ զրկուած իր հայրենական ընծայարաններէն, ցամքելու վտանգին տակ կը գտնուէր:
Իրենց անմիջական շունչին տակ եւ գուրգուրալի հսկողութեան ներքեւ հասակ առաւ եկեղեցականներու սերունդ մը, որ կոչումով ու նուիրումով փարեցաւ գործի` հոգալու համար աշխարհատարած հայութեան հոգեկան կարիքները:
Բաբգէն կաթողիկոս եւ Շահէ սրբազան ունեցան իրենց արժանաւոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ` նոյնքան արժանաւոր յաջորդները, որոնցմէ վերջինն է դպրեվանքի այժմու տեսուչը, որ եկեղեցականի իր կոչումին կը միացնէ նաեւ մտաւորականի փայլուն արժանիքներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքը այն հաստատութիւնն է, որ կը հանդիսանայ հիմնական նախադրեալը այս նուիրական աթոռին եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր գործունէութեան: Առանց այդ դպրեվանքին, առանց մեր հոգեւորական շարքերը տարուէ տարի խտացնող առատ հունձքին, կարելի չէ ապագայի ծրագիրներ կազմել եւ անոնց իրականացման ձգտիլ:
Բարեբախտաբար, վերջին եօթը տարիներու ընթացքին, դպրեվանքը մեծապէս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, եւ այսօր կիլիկեան բազմաթիւ թեմերուն մէջ պաշտօնավարող մեր հոգեւոր առաջնորդները այդ հաստատութեան շրջանաւարտներն են:
Կիլիկեան Աթոռի դպրեվանքին դերը շատ աւելի կը շեշտուի եւ կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ պահ մը անդրադառնանք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող դպրեվանքը ի վիճակի չէ ու չի կրնար գոհացնել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կարիքները:
Մեր հայրենիքին մէջ տիրող կարգերը, իրենց կրօնահալած քաղաքականութեամբ, ոչ մէկ ձեւով կը քաջալերեն երիտասարդներու նուիրումը Հայաստանեայց եկեղեցիին: Երբեմն արտասահմանէն հայ երիտասարդներ կ՛երթան Էջմիածին` ուսանելու, ու անոնք ալ քանի մը տարի ետք կը լքեն ու կը հեռանան:
Պոլսոյ պատրիարքարանի դպրեվանքը, իր սահմանափակ կարելիութիւններով, հակառակ իր յարգելի ճիգին, չի կրնար գոհացում տալ մեր եկեղեցիին:
Կը մնայ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացը, որ գնահատելի գործ կը կատարէ եւ Կիլիկիոյ դպրեվանքին հետ զուգահեռ` նոր եկեղեցականներ կը հասցնէ:
Այս պայմաններուն տակ պէտք է գուրգուրանք այս երկու հաստատութիւններուն, մանաւանդ մեր անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող Կիլիկիոյ դպրեվանքին վրայ, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բոլոր կարիքներու հասնելու համար պէտք ունի համայն ժողովուրդի օժանդակութեան եւ աջակցութեան:
Մնացեալը կը կատարուի արդէն դպրեվանքէն ներս` շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. վեհափառի անմիջական հսկողութեան, տեսուչ հօր անսակարկ նուիրումին, արժանաւոր ուսուցչական կազմի մը ջանքերուն եւ իրենց ապագայ կոչումին գիտակից ուսանողներու:
Համախումբ այս աշխատանքը լոյսի եւ հոգեմտաւոր նուաճումներու օճախի մը վերածած է արդէն Անթիլիասի դպրեվանքը:

