Առանց Քարտէսի Եւ Կողմնացոյցի
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն տարի, առանց շուարելու, միլիոնաւոր թռչուններ նոյն ճամբորդութիւնը կը կատարեն` ուտելիքի պակասէն խուսափելով:
Ամէն տարի, աշնան, թռչունները կը գաղթեն հիւսիսէն դէպի հարաւ, իսկ գարնան` հարաւէն հիւսիս:
Անոնց ճամբու նշանները կրնան ըլլալ երկնային (արեւ, լուսին կամ աստղ): Այս նշաններուն կը հետեւին, օրինակի համար, ծիծեռնակները, տորդիկները, սոխակները եւ այլն:
Երկրային նշաններէն են` ծովերը, լեռները, գետերը, ծովեզերքները… Այս նշաններուն կը հետեւին` բադերը, սագերը, կարապները, կռունկները…
Մինչ ուրիշ թռչուններ, ինչպէս աղաւնիները եւ տատրակները, կը հետեւին երկրագունդին մագնիսական ուժին, կողմնացոյցի մը նման:
***
Թռչունները կը գաղթեն իրենց ուտելիքին (միջատներ, պտուղ, սողուններ, խոտեր…) անհետացումին, ինչպէս նաեւ ցուրտին պատճառով:
Թռչուններու իւրաքանչիւր տեսակ ունի իր հանգիստի վայրը, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ բացառութիւններ: Անոնք կը մնան ցուրտի գիծին վրայ (հոն, ուր բնութիւնը չի սառիր), ապա դարձեալ դէպի հիւսիս կը բարձրանան առաջին պայծառ օրերուն:
Կան նաեւ ձմեռնային թռչունները, որոնք իրենց բոյնը կը շինէին հիւսիսային երկիրներուն մէջ (Շուէտ, Ֆինլանտա, Նորվեկիա), ուր կ՛ունենան իրենց ձագերը. ապա անոնք դէպի հարաւ կ՛իջնան ձմեռը անցնելու համար, այն երկիրներուն մէջ, ուր ձմեռը աւելի մեղմ է:
Ասոնց կողքին կան նաեւ նստակեացները, որոնք նոյն վայրին մէջ կը մնան ամբողջ տարին:
Վերջապէս, կան բոյն շինող թռչունները: Անոնք կրնան նստակեաց կամ գաղթող թռչուններ ըլլալ: Անոնք պայծառ օրերուն միայն կու գան իրենց բոյները շինելու եւ ձագուկները ունենալու համար (ծիծեռնակները, կարապները, շիկահաւերը, լորերը…):
Հետաքրքրական
Մենք գիտենք, թէ ծխելը շատ վնասակար է մեր առողջութեան համար: Ասոր կողքին, գետին նետուած ծխախոտի կտորները բնութիւնը կ՛ապականեն: Ծխախոտի այդ մնացած պզտիկ կտորը (ֆիլթըր) բնութեան մէջ «կորսուելու» համար պէտք ունի 12 տարուան:
Սակայն, ըստ երեւոյթին կարգ մը թռչուններ այս ծխախոտի մնացորդները գործածելու միջոց մը գտած են: Մեքսիքացի մասնագէտներ նշմարած են, թէ երկրին մայրաքաղաքին` Մեքսիքոյի մէջ ապրող ճնճղուկները այս ծխախոտի կտորները կը գործածէին իրենց բոյները շինելու համար: Անոնք նոյնիսկ հաշուած են, թէ թռչունները միջին հաշուով 8 ծխախոտի կտոր կը գործածեն մէկ բոյնի շինութեան համար:
Սակայն ինչո՞ւ այս թռչունները այս ծխախոտի կտորները կը գործածեն: Ծխախոտի ֆիլթըրները կը պարունակեն թունաւոր նիւթեր, որոնց հոտը հեռու կը պահէ միջատները եւ մակաբոյծները: Այս ձեւով, թռչնիկները ապահով կերպով կրնան մեծնալ…
Բնութեան մէջ բազմաթիւ թռչուններ կը գործածեն բժշկող բոյսեր (որոնք առողջութեան համար նպաստաւոր են), ինչպէս` անանուխը կամ հուսամը, իրենց բոյները շինելու համար: Սակայն ծխախոտը եւ անոր մէջը գտնուող բոլոր քիմիական նիւթերը ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունին:
Յոյսի Ագարակը
Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի իւրայատուկ ագարակ մը, որ կ՛ընդունի անասուններ, որոնք վատ վերաբերումի եւ խոշտանգումի ենթարկուած են. սակայն, ասոր կողքին, ագարակը կ՛ընդունի նաեւ մանուկներ, որոնք դիւրին կեանք մը չունին:
«Ճենթըլ պարն» կոչուած ագարակը կը գտնուի Սանթա Քլարայի շրջանը, Լոս Անճելըս քաղաքին հիւսիսը: Այս ագարակը կ՛ընդունի ոչ միայն ագարակի անասուններ, սակայն նաեւ` շուներ, կատուներ, լամաներ, որոնց նկատմամբ մարդիկ վատ վերաբերում ցուցաբերած են: Այս անասունները հոն կը խնամուին եւ կամաց-կամաց դարձեալ վստահութիւն կ՛ունենան մարդոց հանդէպ:
Այս անասուններուն ընկերակցելու համար ագարակը կ՛ընդունի նաեւ հարցեր ունեցող մանուկներ: Այդ մանուկները նաեւ վատ վերաբերումի զոհ եղած են, կամ կը տառապին ֆիզիքական կամ մտային թերութենէ: Այդ ագարակին մէջ անոնք ընկերային կապեր կը հաստատեն անասուններուն հետ: Անոնք կը սորվին անոնցմով զբաղիլ, անոնց հոգ տանիլ, պատասխանատուութիւններ ստանձնել, մեծնալ:
Ամէնէն Շատ Փնտռուած
Անասունները
Այս հինգ անասունները անհետանալու վտանգին տակ կը գտնուին: Անհետացման գլխաւոր պատճառներն են անոնց միջավայրի անհետացումը եւ ապօրինի որսորդութիւնը:

1.- Վագրը: Անոր ոսկորները կը գործածուին չինական աւանդական բժշկութեան մէջ: Մինչ անոր մորթը կը ծախուի իբրեւ գորգ:

3.- Մեծ ճերմակ շանաձուկը: Անոր ծնօտները, ակռաները, լողակները, մորթը շատ սուղ կը ծախուին աշխարհին չորս կողմը:

2.- Նափոլէոն ձուկը: Այս մեծ շրթունքներով, զօրաւոր, կապոյտ ձուկերը շատ սուղ կը ծախուին կարգ մը ճաշարաններու մէջ, ուր պզտիկ կտոր մը կ՛արժէ հարիւրաւոր տոլարներ:

5.- Դեղին կատարով քոքաթուն: Այս թռչունները կը գողցուին Ինտոնեզիոյ վայրի անտառներուն մէջէն եւ աշխարհին շուրջ կը ծախուին իբրեւ ընտանի անասուն:

4.- Խոզի քիթով կրիան: Այս անուշ ջուրի կրիաները կ՛ապրին Փափուա Նոր Կինէի մէջ: Անոնք շատ փնտռուած են իբրեւ ընտանի անասուն:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Աղջիկները իրենց բերնին մէջ աւելի համի բջիջներ ունին, քան մանչերը:
- Կուկըլի կայքէջը իր անունը առած է կուկոլ բառէն, որ կը նշէ 1 եւ անոր ետեւէն 100 զերոյով թիւին:
Օդին մէջ տաք օդով բարձրացող առաջին փոխադրող օդապարիկին առաջին ճամբորդները եղած են ոչխար մը, սագ մը եւ աքլոր մը:- Նիւ Եորք Քաղաքի մէջ «Էմփայր սթէյթ պիլտինկ»-ը շինուած է 10 միլիոն քարի կտորէ:
- Եթէ մենք կարենայինք լոյսին արագութեամբ ճամբորդել, մենք բնաւ պիտի չծերանայինք:
- Մեր եղունգները 6 ամսու կը կարօտին մեծնալու հիմէն մինչեւ ծայրը:
- Մեր ուղեղէն ղրկուած տեղեկութիւնները մեր ջիղերուն ընդմէջէն կ՛անցնին ժամական 322 քմ արագութեամբ:
- Մարդ մը 39 կեռասի կոթեր հանգոյց ըրաւ իր լեզուով 3 վայրկեանէն:
- Աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկը, որ կը գտնուի Ինտոնեզիոյ վայրի անտառին մէջ, կրնայ մեծնալ եւ իր թերթերը բանալ ինքնաշարժի անիւի մը չափ:
- «Մաթթել» խաղալիքի ընկերութիւնը հիմնողները երկու պուպրիկներ անուանեցին իրենց զաւակներուն անունով` Քեն եւ Պարպի:
- 1906-ին շինուած առաջին ծամոնը կը կոչուէր «Պլիպըր-պլապըր»:
- Մեր մարմինէն մօտաւորապէս 10 հազար բջիջներ կրնան բաւել գնդասեղի մը գլխուն վրայ:
- Ամերիկացի աստղանաւորդի մը կողմէ անջրպետին մէջ կերուած առաջին ուտելիքը եփուած խնձորի խիւս էր:
- Խռնջայլները 3000 ոտք եւ 4 քիթեր ունին:
- Կարգ մը ինքնաշարժներ կը բանին տապկուած գետնախնձորի համար գործածուած իւղով:
- Մօտաւորապէս 1 միլիոն երկրագունդ կը բաւէ արեւին մէջ:
Ժամանց















