Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Արցախի Մասնաճիւղի 15-ամեակ

 

 

 

 

 

 

 

Հայ սեւ գօտիներու միութեան Արցախի մասնաճիւղը արդէն իսկ թեւակոխած է իր 15-ամեակը:

15 տարիներ առաջ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի ջանքերով հիմնուեցաւ Արցախի մասնաճիւղը, որ առաջին օրէն իսկ մարզեց Արցախի երիտասարդութիւնն ու ապագայ սերունդը: 18 գիւղերու մէջ կազմակերպուեցան մարզումներ, որոնց կիրարկման համար, Կարօ Քեպապճեանի կողքին, Արցախ գործուղուեցան Ֆրանսայէն Արթիւր Պէրպէրեանը եւ Լիբանանէն Յարութ Ադամեանը, որոնք 9 տարիներ ծառայեցին Արցախի մէջ: Անոնք զոհողութեամբ ու յարատեւելու կամքով այցելեցին գիւղերը ու սերունդներ մարզեցին «Արթուն միտք, առողջ մարմին եւ ազնիւ հոգի» նշանաբանով:

15-ամեակի տօնակատարութեան համար Արցախ կը գտնուէին միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեան, ընկերակցութեամբ սփիւռքահայ հիւրերու, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մարզական ներկայացումներուն: Անոնք նաեւ մեծ հետաքրքրութեամբ ականատես եղան Արցախի մասնաճիւղի արձանագրած յաջողութիւններուն: Արդարեւ, Արցախի մասնաճիւղի մարզիկներէն Դաւիթ Գրիգորեան Ղարաբաղը ներկայացնելով` մասնակցած է Եւրոպայի ուու շուի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ գրաւած առաջին դիրքը: Իսկ 2013 թուականի Եւրոպայի ուու շուի ախոյեանութեան մրցումներուն Արցախ խլեց հինգ ախոյեանութիւններ` Արսէն Բաղրեանի, Դաւիթ Քոչարեանի, Մարատ եւ Դաւիթ Պետրոսեաններու եւ Վարդգէս Մանասեանի կողմէ:

Տօնակատարութեան աւարտին խօսք առաւ Կարօ Քեպապճեան, որ դրուատիքով անդրադարձաւ մարզիչներուն կատարած աշխատանքին ու իրագործուած յաջողութիւններուն: Ան խոստացաւ Արցախի մէջ Հայ սեւ գօտիներու միութեան յարկին տակ մարզուող ապագայ սերունդներուն թիւը բարձրացնել հազարաւոր մարզիկներուն, որոնք պիտի կազմեն Արցախի ապագայ բանակն ու տէր կանգնին իրենց հողերուն: Կարօ Քեպապճեան նշեց, որ Արցախի մէջ արդէն իսկ 3500 մարզիկներ անցած են միութեան հնոցէն ու անոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին արցախեան իրականութեան մէջ: Ան փոխանցեց, որ արդէն իսկ ծրագիրներ կան արցախեան զանազան գիւղերու մէջ նախօրօք ստեղծուած մասնաճիւղերը վերաշխուժացնելու:

Սփիւռքահայ հիւրերը յուզումով հետեւեցան հանդիսութեան ու աւարտին` քաջալերելու համար Արցախի մասնաճիւղը, նուիրատուութիւններ կատարեցին կեդրոնի վերանորոգութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES