Ութ Հայեր Ճատրակի Մարզիչի Վկայականներ Ստացան

Կիրակի, 13 հոկտեմբերին «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ) տեղի ունեցած Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին 41 ճատրակի մարզիչներ վկայականներ ստացան` համապատասխան քննութիւններէ յաջողութեամբ անցնելէ ետք:

Այդ 41-ին կարգին են` ութ հայեր, որոնք ստացան իրենց վկայականները Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ:

Անոնք են` Սիւզան Մուրատեան, Րաֆֆի Ճիկերեան, Ժիրօ Օգնայեան, Աբիկ Աբրահամեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Յակոբ Թերճանեան, Էլի Հուլիշեան եւ Գէորգ Կոստանեան:

Անոնք մարզիչի վկայականներ ստացան, որպէսզի հայկական վարժարաններուն մէջ ճատրակի դասեր տալով յաջողին հետեւիլ ու վերահսկել Լիբանանի վարժարաններուն մէջ (պետական կամ անձնական) արդէն իսկ սկսած ճատրակի դասընթացքներուն:

Share this Article
CATEGORIES