ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԼՈՌԻ ԳԱՒԱՌԸ

Ալավերտի

Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան կողմը, պատմական Գուգարաց աշխարհին մէկ գլխաւոր մասն է Լոռին, որ նշանաւոր եղած է իր Լոռի բերդով, Դսեղով եւ պատմական այլ գիւղերով ու վանքերով, եւ ուր իշխանութիւն հաստատած են Զաքարեաններ, Մամիկոնեաններ, Լոռու Մելիքեաններ եւ Արղութեաններ:

ԼՈՌԻ ԳԱՒԱՌԸ

Լոռի կ՛ընդգրկէ Գուգարաց աշխարհին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը եւ հայկական լեռնաշխարհին հակադրութիւններով հարուստ բնութեան ամէնէն ինքնատիպ վայրերէն մէկն է: Բարձր կանաչազարդ լեռներ եւ խոր ձորեր ու անդնդախոր կիրճեր, որոնց մէջէն մոլեգնող Դեբեդը ափէ ափ զարնուելով եւ գահավիժելով կը  հոսի: Այս չքնաղ բնութեան մէջ, անտառապատ լանջերուն վրայ դէպի երկինք կը խոյանան ծաղկաւէտ կատարներով Լալուարը (2543 մեթր), Չաթինը (2244 մեթր), Ուրասարը, Թէժը, Մեծ Մայմէխը եւ միւս լեռները: Հիասքանչ տեսարան կը պարզէ նաեւ Աղստեւի հովիտը, ուր կը գտնուին Դիլիջանն ու Իջեւանը: Դեբեդի ձախ ափին կ՛երկարին Վիրահայոց լեռնաշղթային կեդրոնական եւ արեւելեան հատուածները, իսկ աջ կողմը` Գուգարաց լեռնաշղթան: Դեբեդի գլխաւոր հարկատուներն են` Մարցիգետը, Աջիրը եւ Շնողը:

Փամբակի լեռնաշղթան ջրբաժան է Կուր եւ Արաքս գետերու աւազաններուն միջեւ եւ կ՛երկարի Ջաջուռի լեռնանցքէն մինչեւ Սեւանայ լիճին հիւսիս-արեւմտեան ափը: Փամբակ գետը, Ձորագետի հետ միախառնուելով կ՛առաջացնէ Դեբեդը, եւ Դեմեդ Ձորագետ անունով ալ ճանչցուած է:

Փամբակի հովիտը նեղ եւ երկար իջուածք մըն է Բազումի եւ Փամբակի լեռնաշղթաներուն միջեւ: Փամբակ գետի դարաւանդաւոր հովիտը կ՛երկարի Ջաջուռի լեռնանցքէն մինչեւ Գայլաձոր կիրճը: Կ՛ընդգրկէ նաեւ Չիչկան, Վանաձոր եւ Տանձուտ գետերու հովիտները: Իսկ Փամբակի լեռնանցքը կը գտնուի 2152 մեթր բարձրութեան վրայ:

Բազումի լեռնաշղթան կ՛երկարի Քարախաչի լեռնանցքէն մինչեւ Գայլաձոր կիրճը, եւ ջրբաժան է Ձորագետի եւ Փամբակի միջեւ: Ձորագետի հարկատուներն են` Սեւաբերդ, Տաշիր, Յովհաննաձոր, Միսխանա, Ուրուտ, Չքնաղ եւ Գարգառ:

Լոռիի լեռներն ու ձորերը ամբողջ ծածկուած են Հաճարենիի, Կաղնիի, Լորենիի, Հացենիի սաղարթաւոր անտառներով եւ սոճիի փշատերեւ ծառաստաններով. անտառները լեցուն են նաեւ պտղատու ծառերով. տանձենի, խնձորենի, սալորենի, տխլենի եւ հոնի: Լեռներու բարձունքներուն տարածուած են խոտառատ մարգագետիններ: Անտառները լեցուն են վայրի կենդանիներով` այծեամ, նապաստակ, գորշուկ, կզաքիս, սկիւռ, արջ, գայլ, եղնիկ, աղուէս եւ անտառակատու. թռչուններէն յիշենք շիկահաւը, սեւ երաշտահաւը, կեռնեխը, փայտփորը եւ անտառակտցարը:

Կլիման ընդհանուր առմամբ մեղմ է: Ձմեռը ջերմաստիճանը զերոյէն վար 4-էն 5 եւ երբեմն ալ մինչեւ 35 աստիճան կ՛իջնէ. երբեմն ալ տաք հովեր կը փչեն եւ ձիւնը կը հալի: Ամառը մեղմ է, ամպամած, 16-էն մինչեւ 22 աստիճան: Գարունն ու աշունը սքանչելի են:

ԼՈՌԻ ԲԵՐԴԸ

Լոռի բերդը կը գտնուի Ստեփանաւանէն հինգ քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, Ձորագետի եւ Միսխանայի միջեւ, եւ գետերու խոր կիրճերը երեք կողմէն անմատչելի դարձուցած են փոքր հարթութեան ժայռոտ բարձունքին գտնուող ամրոցը: Միջնաբերդին համեմատաբար դիւրամատչելի հիւսիս-արեւմտեան կողմը կառուցուած է 214 մեթր երկարութեամբ, իրարու յաջորդող կլոր եւ քառանկիւն աշտարակներով պարիսպ, որուն հիւսիս-արեւմտեան անկիւնին վրայ կը գտնուի միակ մուտքը: Պարիսպին շուրջ խորունկ խրամներ փորուած են: Պարիսպէն ներս կառուցուած են պալատ, բաղնիքներ, եկեղեցիներ եւ քաղաքացիներու բնակարաններ:

Լոռի Կիւրիկէ Ա. թագաւորին օրով (1049-1089) Կիւրիկեաններու թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղաւ: Սելճուքներ 1105-ին գրաւեցին զայն, իսկ 1118-ին` վրացական զօրքերը, որոնք Օրբելիներուն յանձնեցին ամրոցը: Այս ժամանակ Վասպուրականի հարաւէն գաղթելով Զաքարեան տան նախնիները Գուգարք փոխադրուեցան եւ վրացական արքունիքի գերիշխանութեան ենթարկուեցան: Անոնց սերունդէն Սարգիս Մեծ Անիի կառավարիչ նշանակուեցաւ. Թամար թագուհի ամիրսպասալարութեան պաշտօնին կոչելով զայն անոր յանձնեց Լոռին: Սարգիս Մեծի զաւակները` Զաքարէ եւ Իւանէ ամիրսպասալարները վրացական եւ հայկական միացեալ զօրքերով ազատագրեցին հիւսիս-արեւելեան Հայաստանը եւ վերականգնեցին հայկական պետականութիւնը: 1236-ին մոնկոլներ գրաւեցին, աւերեցին եւ կողոպտեցին Լոռին:

Հին բերդի վայրին վրայ կը գտնուի Լոռու բերդ գիւղը:

ՍՏԵՓԱՆԱՒԱՆ, ՍՊԻՏԱԿ ԵՒ ՎԱՆԱՁՈՐ

Ստեփանաւան (նախապէս` Ջալալօղլի) կը գտնուի Ձորագետի անդնդախոր ձորի աջ ափին տարածուող լայնատարած հարթութեան վրայ ու կանաչազարդ լեռներով, ծաղկաւէտ ձորերով եւ ականակիտ առուներով շրջապատուած գեղեցիկ ոստան մըն է:

Ուռուտ գիւղը կը գտնուի Ստեփանաւանէն հիւսիս, բլուրի մը ստորոտը: 1829-1830-ին կարնեցի գաղթական երկու ընտանիքներ Կայք հաստատեցին հոն, եւ գիւղին բնակիչները անոնց շառաւիղներն են, որոնք պահած են իրենց կարնեցիական առանձնայատկութիւնները:

Ագարակ կը գտնուի Ստեփանաւանէն արեւելք, լայնատարած դաշտի մը մէջ: Գիւղէն քիչ մը հեռու, խոր ձորի մը մէջ կան մեծ ու փոքր քարայրներ, ուր աւանդութեան համաձայն ապրած է Բաղրաամ ճգնաւորը: Քարայրներուն մօտէն զոյգ մը յորդառատ աղբիւրներ կը բխին:

Կուրթան կը գտնուի Ագարակէն հարաւ, բարձունքի մը վրայ եւ քարայրներով լեցուն ձորերով շրջապատուած է: Բնակիչները արցախցի, երեւանցի, ղազախեցի եւ շիրակեցի գաղթականներու շառաւիղներ են:

Սպիտակ (նախապէս` Համամլու) կը գտնուի Փամբակի եւ անոր հարկատու Ջրաշէնի ափերուն: Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն բարեկարգ բնակավայրի վերածուեցաւ, 1988-ի երկրաշարժին աւերուեցաւ եւ յետոյ վերաշինուեցաւ:

Վանաձոր (նախապէս` Ղարաքիլիսա եւ Կիրովական) կը գտնուի Տանձուտ եւ Փամբակ գետերու միախառնումի վայրին մէջ, 1350 մեթր բարձրութեան վրայ, կանաչազարդ բլուրներու փէշերուն եւ բարեկարգ քաղաք է: Քաղաքին մէջէն կը հոսին Փամբակ, Տանձուտ եւ Վանաձոր գետերը: Իր մեծութեամբ եւ արդիւնաբերութեամբ անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ մեծագոյն քաղաքն է:

ԱՐԴՈՒԻ ԵՒ ԼՈՌՈՒ ՄԵԼԻՔԵԱՆՆԵՐԸ

Արդուի կը գտնուի Շէկաղբիւր եւ Տատկաջուր լեռներու լանջերուն, որուն արեւելքը կը գտնուի Օձունի հարթավայրը: Գիւղը Լոռու Մելիքեան տոհմին օրրան է: Անոնք իրենց նախահայր կը նկատեն Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցի հայրապետը: Անոնց նախնիները ԺԶ. դարուն Լոռիի մելիքները դարձան, որմէ ետք անոնք Լոռու Մելիքեան, կամ վրացերէն հնչումով` Լոռիս Մելիքեան անունով ճանչցուեցան: Պարսից շահ Աբաս հաստատեց անոնց մելիքական իրաւունքը:

Լոռու Մելիքեաններէն նշանաւոր դարձան երկու եղբայրներ` Դայի եւ Ամիրխան, որմէ ետք տոհմը երկու ճիւղի բաժնուեցաւ: Դայեան ճիւղը պահեց իր բուն ազգանունը` Լոռու Մելիքեան, իսկ Ամիրխանի սերունդը կոչուեցաւ Քալանթարեան, որովհետեւ Ամիրխան քալանթարութեան պաշտօն ստանձնած էր:

Լոռու Մելիքեաններուն մէկ ճիւղը Թիֆլիս հաստատուեցաւ, ուր անոնք գլխաւորաբար առեւտուրով զբաղեցան եւ Թիֆլիսի երեւելի ու հարուստ ընտանիքներէն դարձան. անոնց ազնուականի իրաւունքը հաստատուած էր վրաց արքունիքէն: Իսկ ռուսական արքունիքը 1832-ին ճանչցաւ անոնց ազնուականութիւնը: Տոհմին ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչը եղաւ զօրավար կոմս Միքայէլ Լոռիս Մելիքով (1825-1888):

Իբրեւ աւանդութիւն, բոլոր Լոռու Մելիքեանները (եւ Քալանթարեանները) տարին անգամ մը` Զատկի Կանաչ Կիրակին կը հաւաքուէին Արդուի եւ Սուրբ Օհան Օձնեցիի տօնը կը տօնէին, դրամ կը հաւաքէին, մատաղ կը բաժնէին եւ պատարագ կը մատուցէին ու հոգեհանգիստ կը կատարէին սուրբին գերեզմանին վրայ, որուն հողը իբրեւ դեղ կը գործածէին բոլոր հիւանդութիւններուն դէմ: Նաեւ բոլոր նորապսակ Լոռու Մելիքեանները, ուր որ ալ պսակուած ըլլային, կ՛երթային համբուրելու սուրբին գերեզմանը եւ Աղալօ Քալանթարեանի տան օճախը, որ աւանդաբար իրենց նախահօր բնակարանը կը նկատուի:

ՕՁՈՒՆ ԵՒ ԱԼԱՎԵՐՏԻ

Օձուն կը գտնուի Դեբեդի ձորի արեւմտեան ափի բարձր սարաւանդին վրայ. հոն կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցիի եկեղեցին:

Ալավերտի կը գտնուի Դեբեդի նեղ կիրճի երկու ափերու զառիթափ լանջերուն եւ Սանահինի սարաւանդին վրայ, 750էն 1400 մեթր բարձրութեան վրայ եւ մետաղմշակման ու քիմիական արդիւնաբերութեան կեդրոն է: Քաղաքին յոյները Կիւմիւշհանէէն գաղթած են եւ կ՛ենթադրուի որ անցեալին քաղկեդոնական դարձած հայերու շառաւիղներ են:

ՍԱՆԱՀԻՆ ԵՒ ԱՐՂՈՒԹԵԱՆՆԵՐԸ

Սանահին

Սանահին կը գտնուի գեղեցիկ բնութեան ծոցին, համանուն վանքին մօտ եւ Արղութեան տոհմին օրրանն է: Արղութեանները Զաքարեաններուն շառաւիղներն են: Զաքարիա ամիրսպասալարի սերունդը վրացերէն Արղութաս-շվիլի Մխարգրձելի (Արղութի որդի լայնաթիկունք) ազգանունով ճանչցուած էր: Տոհմի շառաւիղներէն էր Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան (1743-1801), ապա կաթողիկոս, որուն Փաւէլ Ա. ցար ռուսական իշխանի տիտղոս շնորհեց, անոր եղբայրներուն եւ տոհմի ժառանգորդներուն յաջորդութեան իրաւունքով, եւ հաստատեց արծիւէ եւ առիւծէ կազմուած տոհմական զինանշանը: Զօրավար իշխան Մովսէս Զաքարեան Երկայնաբազուկ Արղութեան Նիքոլայ Ա. ցարին ընդհանուր թիկնապահն էր եւ հռչակաւոր դարձաւ կովկասեան լեռնականներուն դէմ Ռուսիոյ մղած պատերազմներուն ժամանակ. մահացաւ 1853-ին: Իշխան Նիկողայոս Բարսեղեան Արղութեան (1845-1916) երեք անգամ Թիֆլիսի քաղաքապետ ընտրուեցաւ, Ալեքսանտր Գ. ցարէն կայսերական սենեկապետի տիտղոսին արժանացաւ եւ կնոջ` Մարիամի հետ երախտարժան բարեգործութիւններ կատարեց: Զաւակներն են` Պորիս, Վառվառա, Աննա, Վլատիմիր եւ Յովսէփ: Իշխան Ալեքսանտր Միքայէլեան Արղութեան Թիֆլիսի փոխ քաղաքապետ եղած է: Իսկ իշխան Յովսէփ Արղութեան յեղափոխական գործիչ եղած է:

ՀԱՂԲԱՏ, ԱԽԹԱԼԱ ԵՒ ՇՆՈՂ

Հաղբատ կը գտնուի Դեբեդի աջ ափին, զառիվայրի մը վրայ, որուն արեւելեան եւ հարաւային կողմերը կը բարձրանան Տէրունական եւ Սուրբ Լուսի անտառապատ լեռները եւ քանի մը ժայռոտ բլուրներ, իսկ արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն խոր եւ ժայռոտ ձորը անմատչելի դիրք մը կու տան գիւղին: Մօտը կը գտնուի Հաղբատի վանքը: Գիւղին մերձակայքը պարիսպներով ամրացուած բնական եւ արուեստական քարայրներ կան, որոնք պատերազմներու ժամանակ իբրեւ ապաստանարան ծառայած են:

Ախթալա, Լալուար լերան ստորոտը, ձախ ափին, հարուստ է պատմական յուշարձաններով, իսկ անտառախիտ բարձունքին կը գտնուի առողջարան:

Շնող կը գտնուի Դեբեդի աջափնեայ բարձրադիր սարաւանդին վրայ եւ երկու մասէ բաղկացած է. Բերդատեղ, ուր կը գտնուէր Կայծոն ամրոցը, եւ Նորաշէն: Երկու մասերը ձորով մը բաժնուած են իրարմէ, որուն մէջէն առուակ մը կը հոսի: Կայծոն բերդատեղին երեք կողմէն խոր ձորերով շրջապատուած է, որոնց մէջէն կը հոսին Շնողաջուրը, Դեբեդը եւ այլ վտակ մը: Նորաշէն կը գտնուի բերդին դիմացը, հարաւային սարալանջին եւ աւելի ցածրադիր է:

ԴՍԵՂ

Դսեղ

Դսեղ կը գտնուի Դեբեդ գետի երկու մեծ ճիւղերու միախառնման աջ կողմը, բարձրաւանդակի մը վրայ, չքնաղ եւ անառիկ դիրքի վրայ եւ բնական ամրոց է: Երեք կողմէն շրջափակուած ու ամրացուած է խոր եւ անդանդախոր ձորերով, իսկ հարաւային կողմէն` անտառապատ լեռներով` Տզրկածովի գլուխ, Սարի գլուխ եւ Բերթաղ: Տզրկածովի գլխուն վրայ կայ տզրուկներով լեցուն փոքրիկ լճակ մը, որուն համար ալ կոչուած է Տզրկածով: Գիւղին արեւելեան կողմը կը բարձրանայ Դիտ բլուրը: Գիւղը շրջապատող թանձրախիտ կուսական անտառները լեցուն են վայրի կենդանիներով:

Գետի միւս ափին Ձորագիւղն է, աւելի հեռուն` Օձունը եւ Այգեհատը, ամպերու ստուերով ծածկուած: Ամէն կողմ` սէգ, զմրուխտ սարեր: Իսկ Լալուարէն բարձրացող ամպերը յաճախ կը ծածկեն երկնակամարը. հովը կը սուլէ եւ տեղատարափ անձրեւը կը սկսի:

Դսեղ պատմութեան մէջ հռչակաւոր եղած է իբրեւ իգիթներու` քաջերու օրրան. երկրագործներ եւ հովիւներ, անոնք որսորդական հրացաններով զինուած էին եւ պատերազմներու ժամանակ անուն հանած էին իրենց հերոսական խոյանքներով: Վտանգի ժամանակ շրջակայ եւ հեռաւոր գաւառներէն գաղթականներ ապաստան կը գտնէին հոն: «Կանաչ, վիթխարի ընկուզենիներով» Դսեղ կոչուած էր «Փոքր Զէյթուն»:

Մամիկոնեան տոհմի շառաւիղներ, Համազասպ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, ԺԲ. դարուն Դսեղի մէջ բնակութիւն հաստատեցին: Գիւղին հիւսիսային կողմը գտնուող եկեղեցւոյ զանգակատան վրայ արձանագրուած է Մամիկոնեան զինանշանը: Իսկ Բարձրաքաշ Սուրբ Գրիգորի վանքի Սիրուն խաչին վրայ արձանագրուած է.  «Յիշխանութեան տանն Մամիկոնեան»: Մամիկոնեաններուն մէկ ճիւղը ԺԹ. դարուն Թումանեան ազգանունը առաւ. այս ճիւղէն էր Տէր Թադէոս քահանայ Թումանեան: Ան ունէր երեք աղջիկ եւ հինգ տղայ զաւակ, որոնցմէ մէկն է ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան:

Դսեղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

Տէր Թադէոս քահանային 1868-ին կառուցած հայկական հին ոճով բնակարանը բաղկացած է մէկ սենեակէ, առանց պատուհանի, եւ երդիքէն բացուածք մը, լուսաւորելու համար: Տան հիւսիսը փուռ մը կայ, մէջտեղը` գետնափոր թոնիր, եւ փուռին քով` օճախը: Երդիքէն կախուած է փայտեայ խնոցին: Ալիւր եւ ցորեն պահելու համար երկու մեծկակ ամբարներ պատի երկայնքին, անոնց վրայ` կերակուր եփելու պղինձէ ամաններ, կլայեկուած: Որմին մէջ պահարան մը` անկողինները դնելու: Նաեւ` լաւաշ բանալու սեղան մը եւ փայտէ սափոր մը ջուրը զով պահելու համար:

Հին տան կողքին 1870-ական տարիներուն երկու սենեակ աւելցուած է, որոնք լուսամուտ ունին եւ լամբար` գիշերը լոյս վառելու: Մէկ սենեակին մէջ կան անկողիններ, փայտէ մահճակալներ, օրօրոց եւ ճախարակ: Միւս սենեակին մէջ` բանաստեղծին հեքիաթներէն առնուած դրուագներու պատկերներ եւ այլ նկարներ: Հետագային երկու սենեակ եւս աւելցուած են, որոնք մաս կը կազմեն տուն թանգարանին:

Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը Դսեղի մէջ

Դսեղի գերեզմանատան մէջ կան երկու գեղակերտ յուշարձաններ, մին` խաչելութեան խաչարձան, արուեստի գլուխ գործոց մըն է, իսկ միւսը` բուսական եւ մարդկային քանդակներով կոթող մը:

Դսեղէն հեռու դէպի արեւելք Մարց, Լորուտ եւ Աթան գիւղերն են:

ՆՈՅԵՄԲԵՐԵԱՆ, ԻՋԵՒԱՆ ԵՒ ԴԻԼԻՋԱՆ

Լոռիի արեւելեան կողմը Նոյեմբերեանն է (հին անունով` Բարանա), Բաղանիս, Ոսկեպար եւ Կողբ գետերու միախառնումին մօտ, 390 մեթր բարձրութեամբ Բագրատաշէնի հարթավայրին վրայ եւ բարեկարգ աւան է:

Իջեւան (հին անունով` Քարվանսարա) կը գտնուի Աղստեւի հովիտին մէջ եւ նոյնպէս բարեկարգ աւան է:

Դիլիջան կը գտնուի Աղստեւի հովիտին արեւմտեան կողմ եւ Փամբակի ու Բազումի լեռնաշղթայներով շրջապատուած է:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES