50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 15 յունիս 1961 )
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
(ԹԱՂԱԿԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹՈՎ)
Յառաջիկայ կիրակի, 18 յունիս, Լիբանանի թեմի եօթը շրջաններուն մէջ` Ս. Նշան, Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Քարանթինա, Նոր Մարաշ, Թիրօ եւ Նոր Սիս, տեղի պիտի ունենան թաղականական ընտրութիւններ` համաձայն Քաղաքական ժողովի 29 մայիս 1961 թուակիր պաշտօնագրին:
Թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ չորս տարին անգամ մը, մեր սահմանադրութեան հիմնական տրամադրութիւններէն մէկուն գործադրութիւնն է եւ կը բխի անոր ժողովրդավար ոգիէն ու սկզբունքներէն:
Իւրաքանչիւր հայ, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ է եւ կը լրացնէ օրինական պայմանները (տարիք, ազգային տուրքի վճարում եւ այլն) ընտրելի է ու ընտրող` առանց ընկերային եւ այլ խտրութեան:
Ընտրելու իրաւունքը մեր Ազգային սահմանադրութեան կողմէ ճանչցուած բոլոր իրաւունքներուն մէջ ամէնէն նուիրականն ու թանկագինն է, որով իւրաքանչիւր ազգային ինքզինք իրաւասու կը զգայ` գործօն մասնակցութիւն բերելու ազգային կեանքին:
Շնորհիւ սահմանադրութեան այս տրամադրութեան` ազգային գործերը կը ղեկավարուին ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ազգայիններով, որոնք ժողովական կեանքի մէջ հարազատօրէն կը ներկայացնեն զիրենք ընտրող զանգուածները:
Վերջին տասնամեակի ընթացքին մանաւանդ, եթէ Լիբանանի մեր թեմի ազգային կեանքը յարատեւ վերելք արձանագրած է` զանազան մարզերէ ներս, ատիկա առաւելաբար կը պարտինք ազգային-վարչական մեքենայի բարւոք աշխատանքին ու նաեւ իրենց մէջ հանրանուէր ծառայութեան կոչում զգացող մեր հայրենակիցներու նուիրումին:
Հիմա, երբ Լիբանանի թեմը օժտուած է արժանավայել եկեղեցիներով, որոնց շուրջ բոլորուած է հաւատացեալ ժողովուրդը` եկեղեցին նկատելով հայապահպանման իր պայքարի գլխաւոր կռուաններէն մէկը, իւրաքանչիւր ազգայինի աւագ պարտականութիւնն է աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ ազգային գործերով եւ առաւելագոյն օժանդակութիւնը ընծայել մեր եկեղեցիին պայծառութեան գործին:
Բոլոր շրջաններու մէջ, թաղական խորհուրդներու գծով, գործունէութեան լայն դաշտ մը կայ ազգին նորընտիր ներկայացուցիչներուն առջեւ, որոնք, վստահ ենք, լիովին պիտի արդարացնեն ժողովուրդին վստահութիւնը:
Այս վստահութիւնը կը մղէ մեզ, կը մղէ բոլոր ազգասէր տարրերը` լրջօրէն մօտենալու հարցին եւ լաւագոյնս արժեցնելու իրենց քուէի իրաւունքը:
Նոյն ատեն, այս իրաւունքը պարտականութիւն մըն է, որմէ ոչ ոք պէտք է խուսափի: Ազգային սահմանադրութեան տրամադրած պայմանները լրացնող ոչ մէկ հայրենակից պէտք է անմասն մնայ ազգային գործերու յանձանձումէն, ու ատիկա կ՛ըլլայ միայն քուէարկութեան մասնակցելով, առաւելագոյն ձայները կեդրոնացնելով այն անձերուն վրայ, որոնք պիտի վարեն շրջաններու ազգային ու եկեղեցական գործերը:
Ոչ ոք իրաւունք ունի թերանալու իր այս նուիրական պարտականութեան մէջ, իւրաքանչիւր քուէ իր արժէքն ունի, իւրաքանչիւր ձայն կ՛անդրադառնայ ընտրութեանց եթէ ոչ արդիւնքին, բայց անպայմանօրէն` արժէքին վրայ:
Հետեւաբար, կիրակի օր, մեր բոլոր հայրենակիցները կարգապահ շարքերով պէտք է դիմեն քուէարկութեան կեդրոնները` կատարելու համար իրենց պարտականութիւնը:
Թերացումը ազգին հանդէպ պարտազանցութիւն է, գիտակից մասնակցութիւնը քուէարկութեան` պարտաճանաչութիւն:
Մեր հայրենակիցները կիրակի օր պիտի գիտնան պարտաճանաչ ըլլալ, ինչպէս եղած են միշտ:
