Հայկազեանի Հիմնադիրներու Օրը. «Իւրաքանչիւրիս Մէջ Էվէրէսթ Մը Կայ» Կ՛ըսէ Մաքսիմ Շաաիա
Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ սրահին մէջ Հայկազեան համալսարանը տօնեց իր հիմնադրութիւնը` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆահրինկըրի, Պէյրութ Մարաթոն միութեան նախագահ Մէյ Խալիլի, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան եւ աշակերտական հոծ բազմութեան:
Հանդիսաւոր տողանցքով սկիզբ առաւ 14 հոկտեմբերին կայացած ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայկազեանի հիմնադիրներուն: Լիբանանի քայլերգին յաջորդեց մաղթանքի աղօթք մը` առաջնորդութեամբ համալսարանի հովիւ վեր. Պրուս Չաուբի:
Ապա խօսք առաւ համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տեսուչ տոքթ. Արտա Էքմեքճին, որ սահիկներու ընդմէջէն անդրադարձաւ համալսարանի հիմնադրութեան եւ պատմականին` յիշելով այդ աշխատանքին նեցուկ կանգնած կազմակերպութիւնները: Էքմեքճի շեշտեց, որ Հայկազեանը կը շարունակէ իր հիմնադիրներու պատգամը` աճելով որպէս հաստատութիւն, բացումը կատարելով նոր կեդրոններու, նախաձեռնելով գիտաժողովներու, հրատարակութիւններու, ցուցահանդէսներու եւ համաձայնագիրներու:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Հայտոսթեան իր կարգին շեշտը դրաւ մարդու էութեան անփոփոխ ըլլալուն վրայ: Ըստ Հայտոսթեանի, իւրաքանչիւր տարեսկիզբ ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ իրեն հետ կը բերէ նոր կեանք եւ փափաք` գտնելու իրեն ուզած ուղին: «Աշակերտական մարմինի փոփոխութեամբ կը փոխուի նաեւ համալսարանը», դիտել տուաւ ան:
Համալսարանի նախագահը ըսաւ, «Հայկազեանի մէջ մենք կը տենչանք ոգեւորել մեր աշակերտները` ըլլալու լաւ դիտողներ, մտիկ ընողներ, մտածողներ եւ ուրեմն, լաւ սորվողներ»: Ան աւելցուց, որ երիտասարդութիւնը միշտ պիտի ջանայ փնտռել ուղիներ եւ ճամբաներ, որոնցմէ ոչ բոլորը պիտի ըլլան ապահով ու հաստատ եւ ոչ բոլորը պիտի հասցնեն սպասուած պատասխանին: «Հայկազեանը հոս է, օգնելու անոնց եւ զանոնք մարտահրաւէրի դիմաց դնելու», ըսաւ ան: Իր խօսքի աւարտին, Հայտոսթեան հրաւիրեց ինքզինք միշտ մարտահրաւէրներու դիմաց դնող օրուան բանախօս` Մաքսիմ Շաաիան:
Շաաիա, իր ոգեւորական ճառին մէջ շեշտեց, որ` «իւրաքանչիւրիս մէջ Էվէրէսթ մը կայ»: Մարզիկ, նաւարկող եւ ախոյեան Շաաիան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր ուղեւորութեան եւ մարտահրաւէրի փիլիսոփայութիւնը: Ան աւելցուց, որ դիւրին չէ Արարատ կամ Էվէրէսթ լեռները մագլցիլ, բայց եռանդով, հաստատակամութեամբ, վճռակամութեամբ, հաւատքով եւ նուիրումով ամէն բան կարելի է:
Շաաիա, որ վերջերս ապահով կերպով վերադարձաւ իր նորագոյն մարտահրաւէրէն, որուն ընթացքին 57 օր նաւարկեց հնդկական ովկիանոսը, աշակերտները հրաւիրեց երբեք չյուսահատելու, ազատօրէն երազելու եւ դառնալու իսկական փոփոխութիւն յառաջացնողներ:
Այս առիթով վեր. Հայտոսթեան պարգեւատրեց Մաքսիմ Շաաիան` իր աննախընթաց կատարումներուն համար:
Հայկազեանի հիմնադրութեան առիթով, լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Գրիգոր Նորիկեան համալսարանին նուիրեց իր ստեղծագործութիւններէն իւրայատուկ պատկեր մը «Նարնջագոյն մթնոլորտ» վերնագիրով (1993-ի)` հարստացնելով Հայկազեանի հաւաքածոն: Նորիկեան իր կարգին ստացաւ շնորհակալական պարգեւ մը:
Ձեռնարկի աւարտին հնչեց Հայկազեան համալսարանի քայլերգը, ու ներկաները հրաւիրուեցան խմբային նկարի:



