ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Գործունէութիւն
2 մայիս 1985-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հիմնարկէքը` բարերարութեամբ Պուլղուրճեան եղբայրներու, Ալեք Մանուկեանի, «Bread For The World»-ի, տէր եւ տիկին Յակոբ Էսմերեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Մեղրի» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերուն եւ Թնճուկեան ընտանիքին:
1987-ին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ուր փոխադրուեցան ԼՕԽ-ի նախկին դարմանատան ծառայութիւններու դեղերու բաժանմունքը, բժշկական եւ ընկերային բաժինները եւ Արագածի շրջանի մէջ 1983-ին հիմնուած տարրալուծարանը: Վերոյիշեալներուն կողքին, հիմնադրուեցան 2 նոր բաժանմունքներ` շողանկարումի բաժինը եւ ատամնաբուժարանը: Աստիճանաբար, ըստ պահանջի եւ կարիքի, արդէն իսկ գործող բաժանմունքներ ծաւալեցին եւ բազմապատկեցին իրենց ծառայութիւնը եւ աստիճանաբար յաւելեալ 5 բաժանմունքներ եւս ստեղծուեցան (շտապ օգնութիւն, հիւանդատար կառքեր, նախազգուշական բաժանմունք, խոհանոց, մարձումի բաժանմունք), եւ կեդրոնը սկսաւ ծառայելու շրջանի բնակչութեան:
Նախորդ 27 տարիներուն ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, իր ընթացիկ գործունէութեան կողքին, դիմագրաւեց անբնական իրավիճակներ եւ համապատասխան գործելակերպ որդեգրեց. այդ հանգրուանները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
1988-ին Լենինականի երկրաշարժը զօրակոչի ենթարկեց սփիւռքը եւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ մեղուաջան աշխատանքի լծուեցան հարիւրաւոր առողջապահական մարզի մասնագէտներ եւ պատրաստեցին Հայաստան առաքուելիք դեղորայք եւ բժշկական սարքեր:
Իր հիմնադրութենէն ետք տեղի ունեցած Լիբանանի աղէտալի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը գործեց 7 օր, 24 ժամ. այն ատեն եւս զօրակոչի ենթարկուեցաւ գաղութը: Առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու կողքին, կեդրոնը օժանդակութիւններ ապահովելու աշխատանքին լծուեցաւ, երբ մէկ շրջանէն միւսը հասնիլը չափազանց դժուար էր:
Այս հանգրուաններուն սերտ գործակցութիւն ապահովուեցան Միջազգային եւ Լիբանանի կարմիր խաչերու, «Ordre de Malte», նախագահական ապարանքի, «Terre des Hommes»-ի, «Medicin sans Frontier»-ի, «WHO»-ի, «Mission Pointificale»-ի, ՀՕՄ-ի, «Caritas»-ի, «UNICEF»-ի, «Save the Children»-ի, «MECC»-ի, գերմանական եւ իտալական դեսպանատուներուն հետ:
2006-ի պատերազմին վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն տարած աշխատանքներուն կողքին, դեղորայք ապահովեց «International Medical Corp»-էն, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու շտապ օգնութեան դասընթացք կազմակերպուեցաւ: Այս ժամանակամիջոցին շրջանին մէջ տեղաւորուած գաղթականներու առողջապահական խնամք եւ ընկերային օժանդակութիւն հայթայթուեցաւ եւ կեդրոնի աշխատանքային ժամանակացոյցը անգամ մը եւս երկարաձգուեցաւ` սերտ գործակցութեամբ լիբանանեան հայկական միջբարեսիրական անդամ 22 կազմակերպութիւններու:
2011-էն մինչեւ օրս ծայր առած սուրիական պատերազմին պատճառով հայ եւ ոչ հայ գաղթականներու ներկայութիւնը ուշագրաւ երեւոյթ է Պուրճ Համուտի մէջ: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ սուրիացի գաղթականներու օժանդակութիւններու աշխատանքը համադրուեցաւ գործող բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններու միջեւ եւ համապատասխան ծառայութիւններ մատուցուեցան անոնց:
Գաղութիս ընթացիկ առողջապահական եւ ընկերային կարիքները հոգալու կողքին, անբնական իրավիճակներ եկան աւելի ծանրացնելու ԼՕԽ-ի պարտաւորութիւնները, եւ ճիգ չխնայուեցաւ օրուան պահանջին համապատասխան լուծումներ որոնելու եւ ժողովուրդին օգնութեան փութալու: ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին բժշկական կազմը 40 բժիշկներով եւ 30 պաշտօնեաներով տարին այս աշխատանքները:
Առողջապահական նախարարութիւնը կնքեց համաձայնագիր մը «Canada Accreditation»-ի հետ եւ ընտրեց 25 ընկերաբժշկական կեդրոններ, որոնք յարմար նկատուեցան մասնակցելու վարկաւորման Ա. հանգրուանի աշխատանքներուն:
27 եւ 28 հոկտեմբեր 2011-ին առաւօտեան ժամը 8:00-էն յետմիջօրէ 4:00 յաջորդաբար 2 օրերու ընթացքին «Canada Accreditation»-ի երկու խումբերէ բաղկացած ներկայացուցիչները քննեցին ԼՕԽ-ի բաժանմունքներու աշխատանքի մանրամասնութիւնները եւ տնօրէնութեան գործելադաշտերը` բաղդատելով զանոնք միջազգային չափանիշներու հետ, որոնք կը վերաբերին մատչելի, պատշաճ, արդիւնաւէտ, ապահով, մասնագիտական, շարունակական կատարելագործումով, առողջապահական եւ ընկերային խնամքի:
Ուրբաթ, 18 յունուար 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մը: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներ եւ կեդրոնին բժշկական կազմը եւ անձնակազմը:
Աւարտին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան 170 կեդրոններէն զատորոշուած այն 25 կեդրոններուն, որոնք վարկաւորման հանգրուանը յաջողութեամբ աւարտած էին եւ` փաստած, որ իրենց ծառայութիւնը միջազգային ճշդուած չափանիշներուն կը համապատասխանէ: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը Մեթնի մէջ ընտրուած միակ կեդրոնն էր, որ ստանձնեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի ձեռամբ ԼՕԽ-ին շնորհուած լիբանանեան պետական բարձր մակարդակի յուշանուէր:
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կը բաղկանայ գլխաւոր 11 բաժանմունքներէ. իւրաքանչիւր բաժանմունքի գործունէութիւնը կը ներկայացնենք յաջորդաբար:
1.- Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք
ԼՕԽ-ի ընկերային գրասենեակի գործունէութիւնը կը միտի անհատի իրավիճակը բարելաւելու եւ ինքնաբաւ դարձնելու` զանազան առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներով եւ նիւթական օժանդակութեամբ:
Վերջին երկամեակին (2011-2013) 9608 ընկերային պարագաներ օգտուեցան այս բաժանմունքէն` 290,761,000 լ.ո. յատկացումներով. նիւթական եւ սպասարկութեան օժանդակութիւններու կողքին, իւրաքանչիւրին պահանջին համապատասխան տրուեցաւ անհրաժեշտ ցուցմունք, կատարուեցաւ միջամտութիւն, հիւանդանոցային ծախսերու օժանդակութիւն եւ արեան տուչութիւն:
Ընկերային գրասենեակը 2005-ին սկսաւ փոքր տարիքէ գործի լծուողներու հետ սերտօրէն աշխատելու եւ համապատասխան դասընթացքներ կազմակերպելու կամ դպրոց վերադարձնելու աշխատանքին: Նաեւ փոքր տարիքէ դպրոց լքելու ենթակայ եղողներուն համար կազմակերպեց կրթական հաստատութիւններու հետ շարք մը ծրագիրներ, տրուեցան յատուկ դասընթացքներ, կատարուեցաւ կրթաթոշակի յատկացում, առողջապահական խնամք (UN/ILO, CHF International, Access Mena International եւ RMF ֆինանսաւորումներով):
2006-էն ի վեր մինչեւ օրս կը շարունակէ UNFPA-ի եւ UNICEF-ի ֆինանսաւորումով երիտասարդներու առողջապահական ծրագիրներու գործունէութիւնը երիտասարդական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու հետ գործակցաբար եւ համապատասխան գիտաշխատանոցներ կը կազմակերպուին եւ երիտասարդներու ծառայութիւններ կը տրամադրուին:
ԼՕԽ-ի ընկերային գրասենեակը «Վանայ ձայն»-ի կազմակերպած «Ձեռք երկարենք եւ օգնենք» յայտագիրին մասնակցելով` ներկայացուց ընտանիքներ, որոնք ունին զանազան ընկերային եւ առողջապահական դժուարութիւններ: «Վանայ ձայն»-ի ունկնդիրները նուիրատուութիւններ կատարեցին ընտանիքին հարցերու լուծման համար:
ԼՕԽ-ի ընկերային ծառայողը մօտէն հետեւեցաւ կատարուելիք բարելաւումներու գործադրութեան իրագործման:
2.- Խոհանոցի բաժանմունք
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը հոկտեմբեր 2003-ին օժտուեցաւ արդիական խոհանոցով մը, որ ֆինանսաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանատան կողմէ: Սոյն խոհանոցին գործունէութիւնը ընկերային գրասենեակին հետ զուգահեռաբար ընթացաւ եւ հետզհետէ զարգացաւ: Հոն տրուեցան ճաշի դասընթացքներ, որոնք կը միտէին կարիքաւոր անհատը գործեր ստանձնելու կարողութեամբ օժտելու եւ ինքնաբաւ դարձնելու: Յաջորդական բոլոր դասընթացքները ծառայեցին իրենց նպատակին եւ աւարտականները աշխատանք ունեցան: Աւելի ուշ անհատ բարերարի մը փափաքով եւ ֆինանսաւորումով մինչեւ օրս շաբաթական միօրեայ դրութեամբ 150 կարիքաւորներ կը ստանան իրենց տաք ճաշը: Հետագային խոհանոցի յանձնախումբը ընդարձակեց խոհանոցը` շնորհիւ անհատ բարերարուհիի մը, իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ստանձնեց յաւելեալ երկրորդ օրուան մը ճաշի ֆինանսաւորումը: Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբի անդամները նոյն թափով կը շարունակեն գործել մինչեւ օրս:
3.- ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբի եւ Նախազգուշական բաժանմունքի ծրագիրներ
Առողջութիւնը միայն անհատին ֆիզիքական առողջութեամբ չի սահմանափակուիր, այլ կը միտի ընկերային, մտային եւ ֆիզիքական պահպանումին, ինչպէս նաեւ անհատի կենցաղի բարելաւման: Այս հեռանկարով եւ ուղեգիծով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքը մշակեցին ծրագիրներ, որոնք ներառեցին առողջապահական գիտելիքներու ուսուցման կողքին հիւանդութիւններու կանխարգիլման միջոցներ, առողջարար սննդականոնի եւ ճաշի պատրաստութեան ձեւեր եւ ֆիզիքական խնամքի եւ մարզանքի օգտակար միջոցներ: Միաժամանակ կատարուեցաւ արեան եւ բժշկական անվճար քննութիւն. շնորհիւ այս դրութեան, յայտնաբերուեցան առողջապահական լուրջ իրավիճակներ եւ համապատասխան դարմանում կատարուեցաւ: Նաեւ կազմակերպուեցան զանազան հիւանդութիւններու կանխարգիլման արշաւներ:
– Յանձնախումբը եւ ընկերաբժշկական կեդրոնի միացեալ գործունէութիւնը յաջողեցաւ դպրոցի վերածել այս դասախօսական շարքերը, որոնց կանոնաւոր կերպով մասնակցեցան միջին հաշուով 124 անհատներ:
– Հայկական վարժարաններուն մէջ սեռային դաստիարակութեան նիւթերով հանդիպումներ կազմակերպուեցան` երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան հետ:
– Բաժանմունքը եւ յանձնախումբը կազմակերպեց շտապ օգնութեան դասընթացք Լիբանանի կարմիր խաչին հետ գործակցաբար. մասնակցեցան 87 անհատներ, որոնք ստացան համապատասխան վկայագիրներ:
– Քրոնիք հիւանդութիւններու ծիրին մէջ շաքարախտէ տառապող անհատներ շարունակեցին օգտուիլ նախազգուշական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած խորհրդատուութիւններէն, եւ անվճար կամ շատ խորհրդանշական գումարներով մասնագիտական քննութիւններէ: Յիշենք, որ սոյն ծրագիրը սկսած էր 1997-ին Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի Ընտանիքի բժշկութեան բաժանմունքին հետ, եւ օրին ստեղծուած էր գործելակերպի մասնագիտական ուղեգիծ:
– Նախազգուշական ծիրին մէջ նաեւ պատուաստումի սպասարկութիւն կը տրամադրուի ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ. առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կը հայթայթուին հարսանեթի, գերմանական հարսանեթի, փոլիոյի, մենենժիթի, դեղնախտի պատուաստներ:
– «Oxfam Quebec»-ի ֆինանսաւորումով կազմակերպուեցան թմրամոլութեան կանխարգիլման արշաւներ եւ մարդուժի պատրաստութեան գիտաշխատանոցներ:
WHO, MOSA, Enteraid Protestant Swiss Church (EPER), NGO BELGIUM, AUHMC Family medicine, Antwerp University նաեւ զանազան ծրագիրներու ֆինանսաւորումը ստանձնեցին:
– ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու հետ գործակցաբար կատարուեցաւ արեան տուչութեան կամաւորներու ցանկագրում:
Սոյն ծրագիրներու իրագործման համար յատկացուեցաւ 151,204,000լ.ո.:
4.- Շտապ օգնութեան բաժանմունք
1987-ին ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 5 յարկերու տարածքը շատ ընդարձակ կը թուէր ըլլալ, սակայն պահանջի համապատասխան հետզհետէ ստեղծուած նոր բաժանմունքներու պատճառով ԼՕԽ-ը հարկադրուեցաւ իր սեփականութիւնը դարձնել կողքի շէնքի գետնայարկի կալուածը: Սոյն կալուածի ամբողջական վերանորոգման եւ կահաւորման ծախսերը ստանձնեց անհատ բարերար մը: Բաժանմունքը կը կատարէ վիրաբուժական փոքր գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ վիրաւորներն ու ոսկրայօդային բարդութիւններով ներկայացողները կը խնամէ:
Վերջին երկամեային Շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ ծառայութիւն ստացածներուն ընդհանուր թիւը եղաւ 7709:
5.- Ատամնաբուժական բաժանմունք
Կը մատուցէ ատամներու խնամքի ամէն տեսակի սպասարկութիւն` գործակցութեամբ 6 բժիշկներու:
«Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան օրէն, ան մէկ ատամնաբուժական կազմածով կը գործէր հետզհետէ պահանջքի բարձրացումով հիմնուեցան յաւելեալ երեք ատամնաբուժական բաժանմունքներ: Ներկայիս կեդրոնը ունի չորս ատամնաբուժական բաժանմունքներ, որոնք ֆինանսաւորուեցան յաջորդաբար World Council of Churches, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Իրանի, Ճափոնի դեսպանատուներուն, MedNet-ի եւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին կողմէ:
Վերջին երկամեայ գործունէութեան ընթացքին Ատամնաբուժական բաժանմունքը ունեցաւ 14,884 պարագաներ:
6.- Հիւանդատար կառքի բաժանմունք
Սոյն բաժանմունքը Լիբանանի աղէտալի պատերազմի ընթացքին եւ մինչեւ օրս կը փորձէ ԼՕԽ-ի կարելիութեան սահմաններու մէջ հիւանդներու փոխադրութիւնը ապահովել: Հիւանդատար ինքնաշարժներ նուիրուեցան գերմանական, իտալական եւ ճափոնական դեսպանատուներու եւ անհատ բարերարներու կողմէ:
7.- Շողանկարումի բաժանմունք
Այս բաժանմունքը ունեցաւ 8955 պարագաներ, որոնք օգտուեցան բաժանմունքի զանազան սպասարկութիւններէն (X-Ray, Echography, Panoramic, Mammoghraphy, ոսկրափտութիւնը չափող գործիք, Echo Doppler):
Այս բաժանմունքը կը գործէ մասնագէտ 2 բժիշկներու եւ 2 վկայեալ մասնագէտներու հետ գործակցութեամբ:
Շողանկարումի բաժանմունքի առաջին գործիքը ֆինանսաւորուեցաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին կողմէ 1987-ին: Աւելի ուշ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութիւնը բաժանմունքը օժտեց արդիական նոր կազմածով մը: Echography-ի արդիական 3 գործիքներու նիւթականը հոգաց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ 2 կազմածի Ճափոնի դեսպանատունը, որ նաեւ ֆինանսաւորեց Panoramic-ը եւ ոսկրափտութիւնը չափող արդիական գործիքներու գնումը: Բաժանմունքը նաեւ օժտուեցաւ Mamography-ի գործիքով մը World Bank – Council of Development and Reconstruction-ի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ ԼՕԽ-ի աշխատանոցի կողմէ տրամադրած գումարներով:
Անցնող երկամեայ տարիներուն 9574 անհատներ օգտագործեցին սոյն բաժանմունքի սպասարկութիւնները:
8.- Դեղերու բաժանմունք
Վերջին երկամեայ գործունէութեան ընթացքին այս բաժանմունքը ունեցաւ 39,622 պարագաներ, որոնք ստացան առողջապահութեան նախարարութենէ յատկացուած դեղեր:
Այս բաժանմունքը դեղեր կը հայթայթէ դիմողներու եւ զանազան օժանդակութիւններ կը ստանայ առողջապահութեան եւ ընկերային բարօրութեան նախարարութենէն, World Vision-էն, ինչպէս նաեւ YMCA-էն:
Դեղերու բաժանմունքը յատկապէս կը հայթայթէ քրոնիք հիւանդութիւններու դեղորայք բոլոր անոնց, որոնք կ՛անդամակցին YMCA-ի ծրագիրին:
9.- Տարրալուծարան
ԼՕԽ-ի տարրալուծարանը առաջին անգամ ըլլալով հիմնուեցաւ 1983-ին Catholic Relief Services-ի ֆինանսաւորումով, Արագածի շրջանին մէջ: 1987-ին սոյն տարրալուծարանը փոխադրուեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ մինչեւ օրս իր 30-ամեայ գործունէութիւնը հետզհետէ բարգաւաճեցաւ եւ նորանոր արդիական կազմածներով օժտուեցաւ` Ճափոնի, Աւստրալիոյ դեսպանատուներու, Orde Souverain De Malte, Enter aid Protestant Swiss Church, Ամերիկայի AID-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղին կողմէ: Երկամեայ գործունէութեան ընթացքին 9864 անհատներ արեան տեսակաւոր քննութիւններ կատարած են այս բաժանմունքին մէջ: Սոյն բաժանմունքը կը գործէ հսկողութեամբ մասնագէտ բժիշկի եւ տարրալուծարանի մասնագէտներու: Տարրալուծարանը նաեւ սերտօրէն կը գործակցի Օթէլ Տիէօյի, Սեն Ժոզեֆ եւ Լիբանանեան հիւանդանոցի տարրալուծարաններուն հետ:
10.- Բժշկական բաժանմունք
Անցնող երկամեայ գործունէութեան ընթացքին 50,791 անհատներ սպասարկութիւն ստացած են սոյն բաժանմունքէն:
Այս բաժանմունքին մէջ զանազան մասնագիտութիւններով բժիշկներ տարբեր հիւանդութիւններու անհրաժեշտ խորհրդատուութիւն կու տան եւ խնամք կը հայթայթեն:
Սոյն բաժանմունքը օժտուեցաւ արդիական կազմածներով. ակնաբուժարանի եւ քիթ-կոկորդ-ականջի բաժանմունքին սարքերուն ծախսերը հոգաց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, ընկերային բարօրութեան նախարարութիւնը, Ճափոնի դեսպանատունը եւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղը:
11.- Physiotherapy բաժանմունք
Ոսկրայօդային տեսակաւոր անհանգստութիւններու բարելաւումի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարձումը: Վերոյիշեալ կարիքէն մեկնելով` կեդրոնը օժտուեցաւ Physiotherapy-ի բաժանմունքով մը եւ փոխադրութիւն ապահովող յատուկ ինքնաշարժով: Մասնագէտներ ոսկրաբուժներու գործակցութեամբ կը հայթայթուի սոյն սպասարկութիւնը:
Վերոյիշեալ սպասարկութիւններուն կողքին, վերջերս, ընդառաջելով ԼՕԽ-ի առաջարկին, նաեւ ունեցանք տաք ջուրի Solar collector, նուիրուած` Italian Coorporation-ի կողմէ, Automatic Autoclave, նուիրուած` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ, Youth Friendly Services, նուիրուած` UNFPA / UNICEF / USJ Health Center-ի եւ Medical X-Ray Processor, նուիրուած` Պոսնոյեան ընտանիքին կողմէ: Ասոնց պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ շուտով կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահի մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապիթոյի եւ նախագահութեամբ Լիբանանի կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի:
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նորանոր նուաճումներու «մկրտութիւնները», որոնք տեղի պիտի ունենան մեծ շուքով, կու գան նաեւ օտարներուն, լիբանանեան պետական, միջազգային կազմակերպութիւններուն, միացեալ ազգերու զանազան կառոյցներուն եւ զանազան դեսպանատուներուն հաստատելու, որ լիբանանահայ այս կառոյցը ունի հսկայական վաստակ եւ կը վայելէ մեծ համբաւ, որոնց անկոտրում վճռականութեան շնորհիւ պիտի շարունակէ յառաջդիմել ու բարգաւաճիլ:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը եղաւ այն հաստատութիւնը, որ չգիտցաւ գոհանալ, չգիտցաւ բաւարարուած զգալ եւ կանգ առնել բարգաւաճելէ ու ուռճանալէ, այդ պատճառով ալ հաստատ քայլերով շարունակեց իր ծառայութեան ուղին` հաւատալով, որ ոչ մէկ տեղ կանգ պիտի առնէ, ոչ մէկ նուաճումով պիտի շլանայ, այլ միշտ աւելին պիտի պահանջէ ինքնիրմէ, որպէսզի աւելին տայ իր ժողովուրդին եւ շրջապատին:

