Ռմբակոծում, Աւեր, Յոյս Եւ Գոյապայքար…

Երբ Հալէպէն լուսանկարներու կարիք ունենայ «Ազդակ»-ը, իր հիմնական աղբիւրը կը նկատէ «Վենիւս» նկարչական արուեստանոցը, որ ինքնին հալէպահայութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերակատարութիւնը ունեցած է: Տօնակատարութիւններ, ոգեկոչումներ, տարբեր առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներ Լիբանան կը հասնին Պօղիկեան եղբայրներու պրիսմակէն դիտուած խօսուն լուսանկարներուն ընդմէջէն:

Շուրջ երկուքուկէս տարիէ ի վեր Սուրիան ընդհանրապէս եւ Հալէպը մասնաւորաբար կ՛ապրին ծանր, տագնապալի, պատերազմական ու վտանգաւոր օրեր: Սակայն «Վենիւս»-ը կը շարունակէ իր երթը` կամուրջ հանդիսանալով պարբերաբար շրջափակման ենթարկուած սփիւռքի կեանքին մէջ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող հալէպահայութեան եւ աշխարհին միջեւ:

Այս անգամ նկարները այլ խորհուրդ եւ իմաստ ունին: Կրկին «Վենիւս»-ի կողմէն մեզի տրամադրուած լուսանկարները կը ցոլացնեն դաժան իրականութիւնը, քարուքանդ վիճակը, սակայն գոյատեւող գաղութը, դժուար օրերուն ձեռք ձեռքի տուող եւ կեանքը շարունակող հալէպահայութենէն խօսուն պատկերներ:

Յուսանք ու մաղթենք, որ յառաջիկային դրական տպաւորութիւն ձգող եւ վերականգնում խորհրդանշող լուսանկարները կը յաջորդեն ասոնց:

Շնորհակալութիւն յայտնելով տրամադրուած լուսանկարներուն համար` ստորեւ կը հրատարակենք Հալէպի կեանքը ամփոփող լուսանկարներ:

«Ա.»

Հալէպի հրկիզուած Ս. Գէորգ եկեղեցին

Հայ օգնութեան միութեան «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրը

  

Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինի աշխատանքները

Հալէպի «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցը

Հայկական դպրոցը իր դռները բաց պահեց, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը կը նշուի հակառակ տիրող անբնական պայմաններուն

Շտապ օգնութեան մարմինը «Հայ Ծերանոց»-ի մամիկներն ու պապիկները կը փոխադրէ բախումներու կիզակէտ հանդիսացող իրենց կեդրոնէն:

Ռմբակոծումներու իբրեւ հետեւանք հայ արհեստաւորներու քանդուած աշխատատեղեր

2 տարի առաջ փակուած Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը

Հալէպի Ճիտեյտէ շրջանի քանդուած բնակարաններ

Հալէպահայու քանդուած բնակարան

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր փակ մնացած վաճառատուներ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութիւնը Ս. Թարգմանչացը կը նշէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ

 

Share this Article
CATEGORIES