«Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Վերաբերեալ Մեր Քաղաքացիներու Հետաքրքրութիւնը Նուազած Է» Ըսած Է Արընչ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները կը կորսնցնեն Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը: Արընչ Ատհայի տօնին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու վերաբերեալ մեր ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը նուազած է: Եթէ նախապէս այդ գաղափարին կ՛աջակցէին երկրի բնակչութեան 75 առ հարիւրը, ապա այժմ այդ մակարդակը կը կազմէ 18-20 առ հարիւր»:
Ըստ անոր, պատճառը ո՛չ թէ թրքական իրողութիւններն են, այլ ինքնին Եւրոպան: «Ատոր մէջ մենք մեղքը չունինք: Պատճառը անպատասխանատու վարքն է եւրոպական երկիրներու, որոնք Թուրքիոյ համար ետեւ ետեւի խոչընդոտներ կը ստեղծեն եւ կը ձգտին մեզ հարցաքննել», ընդգծած է ան:
Փոխվարչապետը յիշեցուցած է նաեւ, որ Թուրքիան 2005-էն ի վեր աշխուժ բանակցութիւններ կը վարէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար: Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիան այդ գաղափարէն ետդարձ չէ կատարած: «Մենք 50 տարուան երազէն ետդարձ չենք կատարած, համապատասխան աշխատանք տարած ենք, «տնային աշխատանքը» ըրած ենք», ընդգծած է Արընչ:

