Ըստ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան. «Ապիեւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ընդունած Է Ո՛չ Թէ Իբրեւ Նախարար, Այլ Իբրեւ Քաղաքացի»

Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը հաղորդած էր, որ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլտար Սապիրօղլու յայտնած է, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը թէեւ պետական պաշտօն է, սակայն Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հետ հանդիպումին ընթացքին Սաֆար Ապիեւ հիմնականօրէն քաղաքացիական մօտեցումով խօսած է:

Հոկտեմբեր 14-ին կայացած էր Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի հանդիպումը դեսպան Մորնինկսթարի հետ: Հանդիպումէն ետք տեղեկութիւն տարածուած էր այն մասին, թէ Ապիեւ խիստ ոճով խօսած է Մորնինկսթարի հետ` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ հնչած քննադատութեան համար:

«Այդ հանդիպման ընթացքին Սաֆար Ապիեւը խորքին մէջ հանդէս եկած է քաղաքացիական տեսանկիւնէն, քան պետական: Ի՞նչ կայ այդտեղ դատապարտելի», հարց տուած է Սապիրօղլու:

 

Share this Article
CATEGORIES