«Վրաստանը Պէտք Է Կարողանայ Բարելաւել Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի
Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի կարծիքով` Վրաստան պէտք է կարողանայ բարելաւել Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Ան վրացական լրատուամիջոցներու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ` «այս մէկը շատ կարեւոր է Վրաստանի համար»:
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետը լրագրողներուն վստահեցուցած է, որ` «Վրաստանի դիրքորոշումը Ռուսիոյ հանդէպ բաւական գործնապաշտ եւ սկզբունքային է»:
«Մենք պէտք է կարողանանք կարգաւորել Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ատիկա շատ ու շատ կարեւոր է Վրաստանի համար, միեւնոյն ատեն կ՛ուզեմ ըսել, թէ մենք Վրաստանի դէպի Եւրոպա ձգտումը պիտի չփոխենք», ըսած է Իվանիշվիլի:
Ըստ անոր, Մոսկուա պէտք չէ ճնշում գործադրէ նախկին խորհրդային հանրապետութեանց վրայ, որոնք կը ձգտին Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ:
«Թերեւս կարելի է հասկնալ, որ Ռուսիոյ համար հաճելի չէ ՕԹԱՆ-ը, որովհետեւ ատիկա ռազմական կառոյց է, սակայն ինչո՞ւ Ռուսիան դէմ է Եւրոպական Միութեան: Ես նման արձագանգի չէի սպասեր», ըսած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ Վրաստան, հակառակ ռուսական ճնշումին, կը պատրաստուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու:

