Ազրպէյճանցի Զօրավարը Սպառնացած Է Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ,որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հազարապետ-զօրավար Ռամիզ Նաճաֆով Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարի սպառնացած է հրապարակել ձայնագրութիւն պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հետ ունեցած հանդիպումին, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց:

Հոկտեմբեր 14-ին կայացած հանդիպումէն ետք լուրեր տարածուած էին այն մասին, որ պաշտպանութեան նախարարը ոչ պատշաճ ոճով խօսած է ամերիկացի դիւանագէտին հետ այն պատճառով, որ Միացեալ Նահանգներ քննադատած են Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնը:

Զօրավարը ըսած է, թէ ատիկա եղած է անձնական բնոյթի հանդիպում` քանի մը այլ պաշտօնատար անձերու մասնակցութեամբ, եւ ձայնագրուած է. այդ մասին դեսպանը տեղեակ եղած է:

Այժմ ազրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ ամերիկեան պաշտօնական տեսակէտին հակառակ, դեսպան Մորնինկսթար ընդունած է Ալիեւի յաղթանակը: Եւ եթէ դեսպանատունը չփոխէ իր դիրքորոշումը, ապա Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ ձայնագրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES