Սէուտական Արաբիա Կը Մերժէ Ապահովութեան Խորհուրդի Ոչ Մնայուն Աթոռը

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիա կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անդամակցիլ, մինչեւ որ այդ խորհուրդը բարեփոխուի եւ իրողապէս ու գործնական գետնի վրայ կարենայ իր պարտաւորութեանց տէր կանգնիլ եւ զանոնք կատարել:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Սէուտական Արաբիա այդ որոշումը որդեգրած է` իր ժողովուրդին, արաբական ու իսլամական ժողովուրդներու, աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ձգտող ժողովուրդներուն նկատմամբ իր պատմական պատասխանատուութենէն մեկնելով:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիա հինգշաբթի օր ՄԱԿ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած էր Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ: Ան ստացած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 189 անդամներէն 176-ի քուէները: Ապահովութեան խորհուրդի անդամ ընտրուած են Լիթուանիան (187 քուէ), Նիկերիան (186 քուէ), Չիլին (186 քուէ) եւ Չատը (184 քուէ): Անոնք տարուան վերջաւորութեան պիտի փոխարինեն Ազրպէյճանը, Փաքիստանը, Մարոքը, Կուաթեմալան եւ Թոկոն:

 

Share this Article
CATEGORIES