Թուրքիա Կը Հերքէ Մոսատի Գործակալ Իրանցիներու Անունները Իրանի Փոխանցելու Լուրը

Թրքական կառավարութեան պաշտօնատարները հերքեցին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի ականաւոր յօդուածագիրներէն Տէյվիտ Ինկաթիուսի հրապարակած այն տեղեկութիւնը, թէ Անգարա Մոսատի հետ գործակցող 10 իրանցիներու անուններ Թեհրանի փոխանցած է` «իսրայէլացիներուն ապտակ մը հասցնելու համար»: Իկնաթիուս իր յօդուածին մէջ յղում կատարած էր «լաւատեղեակ» աղբիւրներու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «միջազգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ տարբեր արշաւներ ընթացքի մէջ են»` աւելցնելով, որ անոնց նպատակը կառավարութեան «առաքելութիւնը» վարկաբեկելը եւ Թուրքիոյ վարկը բարձրացնելու Անգարայի նպատակը ձախողութեան մատնելն է:

Անդրադառնալով նաեւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին մէջ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի կեցուածքին մէջ յառաջատար դերակատարութեան մասին յօդուածին` Տաւութօղլու ըսաւ, որ երկու յօդուածներուն թայմինկը «կարեւոր է»: Իկնաթիուս իր յօդուածին մէջ նշած էր, որ Իսրայէլ Ֆիտանը իրանեան գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչ մը կը նկատէ, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն անոր հետ գործակցիլ: «Հաքան Ֆիտանի վերաբերեալ պնդումները ո՛չ միայն անհիմն են, այլ նաեւ շատ աղքատիկ սեւ քարոզչութեան օրինակ մը կը ներկայացնեն», ըսած է Տաւութօղլու:

Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդականներէն Մուսթաֆա Վարանք «Թուիթըր»-ի վրայ հակազդելով Իկնաթիուսի յօդուածին` զայն նկատած է «հակասական» եւ աւելցուցած, որ «գաղտնի սպասարկութիւնները ըստ համաձայնութեանց կը գործեն»:

Ակնարկելով այն նախատեսութեանց, թէ Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերը ամրան աւարտին պիտի վերսկսին` ան գրած է. «Աշունը պիտի շիկանար, այնպէս չէ՞: Անոնց նախատեսութիւնները չիրականացան, եւ այդ պատճառով ալ, անոնք (թրքական) կառավարութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան վարկին դէմ արշաւի մը սկսան»:

Վարանք նաեւ յայտնած է, որ անխուսափելի էր, որ կարգ մը ուժեր յառաջիկայ ընտրութիւններու նախօրեակին կառավարութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան դէմ հոգեբանական պատերազմի դիմեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի` խօսելով թուրք-ամերիկեան գաղտնի սպասարկական յարաբերութեանց մասին ըսաւ. «Սերտ կապի մէջ ենք տարբեր մակարդակներու վրայ եղող շարք մը պատասխանատուներու հետ, ներառեալ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետին. չեմ գիտեր եթէ ասկէ զատ յաւելեալ ըսելիք ունիմ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES