Նոյեմբերի Սկիզբը Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հաւանական Հանդիպում «Ժընեւ-2»-ի Թուականը Չէ Ճշդուած» Ըսաւ Փսաքի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէն Փսաքի երէկ յայտարարեց, որ` «տակաւին Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի յստակ թուական չէ ճշդուած»:
Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժեմայել մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ «Ժընեւ-2»-ը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 23-24-ին:
Փսաքի նշեց. «Հաւանական թուականներու մասին քննարկում կատարեցինք, սակայն յստակ բան գոյութիւն չունի, իսկ թուականը կը ճշդուի միայն, եթէ զայն ՄԱԿ-ը ճշդէ եւ յայտարարէ»: Ան աւելցուց, որ «քանի մը շաբաթ առաջ նշեցինք, թէ քննարկում կը կատարենք, որպէսզի խորհրդաժողովը նոյեմբերի կէսերուն տեղի ունենայ, եւ կացութիւնը տակաւին նոյնն է»:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի խորհրդաժողովին մասնակցութեան` ան նշեց, թէ այդ հարցը տակաւին կը քննարկուի «եւ չէ փոխուած մեր այն կեցուածքը, թէ «Ժընեւ-2»-ի ոեւէ մասնակից պէտք է հրապարակաւ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը ընդունի»` աւելցնելով, որ «ատիկա բան մըն է, զոր Իրան չըրաւ, իսկ եթէ կատարէ անոր մասնակցութիւնը աւելի ընդունելի պիտի ըլլայ»:
Փսաքի նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ»:
Քատրի Ժեմայել երէկ յայտնեց, որ ինք «Ժընեւ-2»-ի նոյեմբեր 23-24-ին գումարման հաւանականութեան մասին խօսած էր` հիմնուելով ռուս պաշտօնատարներու հետ քննարկումներու ընթացքին իր ստացած տեղեկութեանց վրայ:
Ան ըսաւ. «Ոչ մէկ բան պիտի արգելակէ խորհրդաժողովը, որ պէտք է գումարուի ներկաներով, որովհետեւ շարունակական քաղաքական հոլովոյթ մըն է եւ պատրաստ եղող ուժերը ներկայ պիտի գտնուին, իսկ պատրաստ չեղողները պէտք է պատրաստուին». Ժեմայել աւելցուց, որ ընդդիմադիր այլ ուժեր եթէ ժողովին չներկայանան, ապա քաղաքական հոլովոյթէն դուրս պիտի մնան եւ ամէն բան կորսնցնեն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը կրնայ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա-ՄԱԿ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունենալ` առ ի պատրաստութիւն «Ժընեւ-2»-ին:
Կաթիլով «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ դիւանագիտական խողովակներու ճամբով աշխատանք կը տարուի նշեալ հաւանական հանդիպումը համակարգելու համար: Ան շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը խորհրդաժողովի թուականին ճշդումը չէ, այլ անոր գումարման ձեւին, ինչպէս նաեւ սուրիական կառավարութեան ու ընդդիմութեան ներկայացուցչութեան շուրջ փոխհասկացողութիւն գոյացնելը:
Միւս կողմէ, թրքական կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Քայիտայի աջակցելու ամբաստանութիւններ կը դիմագրաւենք»` նշելով, որ «ամերիկացի պաշտօնատարներ նախորդ ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին: Մեզ քաղաքավար, սակայն սուր կերպով քննադատեցին, եւ ուշադրութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն Քայիտային վրայ կեդրոնացաւ»: Ան աւելցուց. «Այդ մէկը ի նպաստ Սուրիոյ նախագահին է»:

