Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու շարքին կը նկատուի», նշեցին Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ` աւելցնելով, որ իրենց միակ կորուստը Ժոմպլաթի վրայ մնայուն կերպով վստահութիւն ունենալն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ զօրակցութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանի երկարաձգման. ան շեշտեց, որ երկարաձգումը աւելի ճիշդ որոշում մըն է, քան` անիշխանութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի սխալը դարձեալ կրկնելու մտադիր չեն` աւելցնելով, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը չի պահանջեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ զօրաւոր եւ անքակտելի դաշինք մը կայ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցելու Թեհրանի պատրաստակամութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պատրաստ է համաձայն գտնուելու վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ իրեն ներկայացուելիք կառավարութեան որեւէ կազմի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման եւ Սալամ ընդվզած են Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դրսեւորած վերջին կեցուածքներէն:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար պահանջեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական ամբողջական ծրագիր մը գործադրել` ապահովելու համար բոլորին անվտանգութիւնը:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Թրիփոլիի մէջ կարելի չէ ապահովական կայունութիւն հաստատել, բացի եթէ կարելի ըլլայ գնել Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ գտնուող 14 հազար զինեալի զէնքերն ու զինամթերքը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան տագնապը պարզապէս կառավարութեան կազմութեան կամ Ազգային երկխօսութեան վերսկսելու տագնապ մը չէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութեան:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, իրանեան-սէուտական որեւէ հանդիպումի պարագային հարկ է անդրադառնալ նաեւ լիբանանեան իրավիճակին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, երէկ երեկոյեան քրիստոնեայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ լուսարձակներէ հեռու հանդիպում մը կայացած է, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի նշեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային վրայ ճամբաներ կը պատրաստէ` սահմանամերձ սուրիական գիւղաքաղաքներու հետ հետագային ստեղծուելիք հակադիր ճակատներուն մասնակցելու համար:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հարաւային արուարձաններուն մէջ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժին մասին հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, թէ ինքնաշարժը չէ պայթած` անոր կապուած բջիջայինին եւ հեռավարիչին միջեւ արձանագրուած թեքնիք խանգարումին պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES