Սալամ. «Խորհրդարանին Փոքրացուած Կրկնօրինակով Կառավարութեան Կազմութեամբ Քաղաքական Ոչ Մէկ Շահ Կարելի Է Ապահովել»
Վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ եթէ իր հրաժարականով կարելի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան առումով զարգացում մը արձանագրել, ապա ինք պատրաստ է հրաժարելու, «սակայն մինչեւ օրս ինծի վստահուած այս պաշտօնին առումով ժողովուրդին վստահութիւնը կը վայելեմ եւ համոզուած եմ, որ հրաժարելով շատերը յուսախաբ պիտի ըլլան», նշեց ան:
Սալամ շեշտեց, որ ինք չի միտիր կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմել, այլեւ` իրապաշտ ըլլալ եւ ներկայ կացութեան յարմար կառավարութիւն մը կազմել:
Ան նշեց, որ կարելի չէ խորհրդարանին փոքրացուած կրկնօրինակով կառավարութիւն մը կազմել, որովհետեւ անիկա երկրին քաղաքական ոչ մէկ շահ կ՛ապահովէ: Վարչապետը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմի շնորհուի կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի իրաւունքը:
Սալամ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կողմերէն ոմանք կը փափաքին 8+8+8 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմել, իսկ ուրիշներ կը փափաքին 9+9+6 տարազը որդեգրել:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

