Պըրրի. «Ամալ Շարժումին Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Միջեւ Յարաբերութիւնները Սովորական Են»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ արձանագրուած բանավէճը ժխտական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերութիւններուն վրայ:
Ան շեշտեց, որ երկու կողմերն ալ համաձայն են քարիւղի եւ բնական կազի յատուկ կառավարութեան նիստ մը գումարելու եւ այդ թղթածրարին վերջնական լուծում մը գտնելու:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ տարակարծութիւններ չունի:
Նշենք, որ չորեքշաբթի 23 եւ հինգշաբթի 24 հոկտեմբերին խորհրդարանի նախագահը պիտի նախագահէ օրէնսդրական նիստերու, որոնք առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի սկսին եւ երեկոյեան պիտի շարունակուին:
Օրէնսդրական նիստերուն ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերն ու առաջարկները:

