Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները:
Լիբանանի օժանդակող երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ 25 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի օժանդակող երկիրները, Լիբանանի համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` նկատի ունենալով, որ այդ հանդիպումին մասնակցող հեղինակութիւնները հաստատեցին Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ խոստացան օժանդակել Լիբանանի զինեալ ուժերուն եւ պետութեան` թեթեւցնելու համար անոր ստանձնած սուրիացի գաղթականներուն ծանր բեռը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց` ամէն ջանք ի գործ դնելու արագացնելու համար Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու բանակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց Լիբանանի նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումէն եւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձէն ետք Լիբանանին յատկացուած այդ օժանդակութիւնը պէտք է շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ թօթափել Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին Նիւ Եորք իր կատարած այցելութիւնը յաջողեցնելու:
«Նիւ Եորքի հանդիպումէն բխած որոշումները վերածուեցան ճամբու քարտէսի մը, որուն հիման վրայ կարելի է շարունակել Միջազգային դրամական ֆոնտին Լիբանանին տրուելիք օժանդակութիւնները, իսկ մենք կը սպասենք նաեւ այս իմաստով Միջազգային դրամատան կատարելիք արժեւորման», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Հանդիպումէն ետք Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ Պաապտայի մէջ կատարուած հանդիպումին ընթացքին ներկաները բարձր գնահատեցին նախագահ Սլէյմանի իշխանութիւնը եւ երկրին միասնականութիւնը, գերիշխանութիւնը, կայունութիւնն ու պետական հաստատութիւնները պահպանելու անոր ճիգերը:
Փլամպլի յայտնեց, որ սուրիական տագնապին ազդեցութիւնը օրըստօրէ կ՛ամրապնդուի, յատկապէս մեկնելով այն իրականութենէն, որ օրէ օր սուրիացի գաղթականներուն դէպի Լիբանան հոսքը աճ կ՛արձանագրէ, հետեւաբար շատ կարեւոր կը նկատուի Լիբանանին կատարուելիք միջազգային օժանդակութիւնը:
Փլամպլի ողջունեց Լիբանանին զօրակցելու եւ օժանդակող երկիրներուն ջանքերը եւ աւելցուց, որ 12 հոկտեմբերին Միջազգային դրամատան ժողովին ընթացքին Լիբանանի կառավարութիւնը ներկայացուց ճամբու քարտէս մը, որ դրական գնահատուեցաւ:
Ան աւելցուց, թէ Միջազգային դրամատունը պիտի սերտէ նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով Լիբանանի կառավարութեան մշակած հնգամեայ ծրագիրը ֆինանսաւորելու կարելիութիւնը:
Փլամպլի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին տարբեր երկիրներու դեսպաններն ու ներկայացուցիչները անհրաժեշտ նկատած են Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` կարենալ դիմագրաւելու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները: «Անոնք ընդգծեցին նաեւ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան վերսկսելու, քաղաքական բոլոր ուժերու կողմէ Պաապտայի յայտարարութեան յանձնառու մնալու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը», եզրափակեց Փլամպլի:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանին 70 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ` իբրեւ օժանդակութիւն Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն:
Էխհորեսթ ընդգծեց նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ Պաապտայի յայտարարութեան նախանձախնդիր մնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց` մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, բարձր գնահատելով Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան իմաստով նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը:

