Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Լիբանանցիները Սահմանը Անցան Եւ Թուրքիա Կը Գտնուին»
Երէկ երեկոյեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները արդէն անցած են սահմանը եւ Թուրքիա կը գտնուին: Նշենք, որ զօր. Իպրահիմ` ընկերակցութեամբ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Խալետ Աթիէի, Թուրքիոյ մէջ կը սպասէր 9 առեւանգուած լիբանանցիներուն:
Նախարար Աթիէ յայտարարեց, որ քաթարական միջնորդութիւնը իր արդիւնքը տուած էր` աւելցնելով, որ անձամբ պիտի հետեւի բոլոր մանրամասնութիւններուն:
Զօր. Իպրահիմ նաեւ յայտարարեց, որ սուրիական կողմը բաւական դիւրութիւններ տուած էր. անոր համաձայն, առեւանգուած լիբանանցիները 24-էն 48 ժամէն (Թուրքիա հասած ժամերնին նկատի ունենալով) Լիբանան պիտի գան` արարողակարգային դասաւորումներու աւարտէն ետք:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ. «Դրական զարգացումներ արձանագրուեցաւ թուրք առեւանգեալ օդաչուներուն գծով»:

