Գնչու Ուսանողներու Արտաքսումը Փարիզի Մէջ Դպրոցականներու Ցոյցերու Պատճառ Դարձած Է
«Կազեթա.ռու»` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ի կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ հազարաւոր դպրոցականներ փողոց իջած են` բողոքելով ներգաղթեալ ուսանողի մը արտաքսման դէմ:
Փարիզեան աւելի քան 20 դպրոցներու մէջ ուսումնական աշխատանքները ընդհատուած են: Ցոյցի ելած աշակերտները կը պահանջէին գնչու ուսանողը վերադարձնել ուսումնական հաստատութիւն եւ պաշտօնազրկել ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալսը:
Ցոյցերուն պատճառ դարձած էր Արեւելեան Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած միջադէպ մը, երբ Քոսովոյէն գնչու 15-ամեայ Լէոնարտա Տիպրանի ձերբակալուած է դպրոցական պտոյտի մը ընթացքին: Անոր ծնողները 5 տարուան ընթացքին չէին կրցած կեցութեան իրաւունք ստանալ, այդ պատճառով ալ ամբողջ ընտանիքին կը սպառնայ արտաքսման վտանգը:
Անցեալ շաբաթ օր ֆրանսական իշխանութիւնները Հայաստան արտաքսած էին 19-ամեայ ուսանող Խաչիկ Խաչատրեանը, որ, ըստ տեղեկութեանց, երկիր մուտք գործած էր անօրինական կերպով:

