ԵԱՀԿ Մինսքի Համանախագահները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Զինադադարի Խախտման Գծով
ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն` հետաքննելու սահմանագիծին վրայ ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկման ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտման միջադէպը, որ արձանագրուեցաւ 17 հոկտեմբերին:
Նոյն օրը համանախագահները կատարած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը` գլխաւորութեամբ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքին, մասնակցեցաւ դիտարկման` սահմանագիծի հարաւային ուղղութեամբ: Ըստ յայտարարութեան, երկու կողմի տեղական պատասխանատուներու ապահովութեան երաշխաւորումով սկսած դիտարկման ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի բոլոր անդամները կրակոցներ լսած են, երբ մօտեցած են իրենց դիտորդական կէտերուն:
Կարելի չէ եղած ճշդել, թէ կրակոցները ո՛ր կողմէն եկած են: Անվտանգութեան եւ ապահովութեան նկատառումներով յատուկ ներկայացուցիչը ստիպուած եղած է դադրեցնելու դիտարկումը: Յայտարարութեան համաձայն, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները տեղեակ պահուած են, որ ԵԱՀԿ դիտարկման աշխատանքներուն մէջ բոլոր ներգրաւուածները բարձր արհեստավարժութիւն ցուցաբերած են: Անոնք կ՛ընդգծեն, որ հազուադէպ եւ ցաւալի միջադէպը ստուերի տակ կը ձգէ այն աշխատանքը, զոր կատարած են այս անհատները, յատուկ ներկայացուցիչը եւ իր խմբակը, ինչպէս նաեւ կը վտանգէ մայիս 1994-ի զինադադարի համաձայնագիրը:
Համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն տեղական իշխանութիւններուն` հիմնաւորապէս եւ անաչառ կերպով հետաքննելու միջադէպը:

