Կիրօ Մանոյեան. «Թուրքիոյ Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով Կարելի Չէ Որեւէ Բան Ակնկալել Մինչեւ 2015»

«Եւրոխորհրդարանի ներկայացուցիչները զարմացած են Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի անակնկալ որոշումէն»: 18 հոկտեմբերին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով Եւրոպահայերու երրորդ համագումարին ընթացքին քննարկուած հարցերուն:

Ըստ Մանոյեանի, Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն դիրքորոշումը հիասթափեցուցած է եւրոպահայերը, որոնք իրենց կարգին դժգոհած են, որ Եւրոպական խորհուրդը անհրաժեշտ քայլերու չէ ձեռնարկած` Հայաստանին աջակցելու տարբեր առումներով, ինչպէս` տնտեսական: Մանոյեան նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են` ամրապնդելու եւրոպահայերուն հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւնները:

Մանոյեան կարեւոր նկատած է Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը, քանի որ այնտեղ արծարծուած հարցերը օրակարգային են նաեւ Հայաստանի մէջ. «Նախորդ երկու համագումարները տեղի ունեցած են 2004¬ին եւ 2007¬ին, ուստի այս համագումարը խիստ կարեւոր էր նաեւ վեց տարուան լռութենէ ետք», հաստատած է Մանոյեան:

Մանոյեան նշած է, որ համագումարի առաջին օրը կատարուած է ներքին հայկական քննարկում, որ կայացած է Հայ տուն մշակութային կենդրոնին մէջ: Երկրորդ օրը քննարկումները տեղի ունեցած են Եւրոխորհրդարանի շէնքին մէջ, անոր մասնակցած են նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներ: Համագումարին թէ՛ առաջին, եւ թէ երկրորդ օրերուն մասնակցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը, փոխվարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը:

Համագումարի առաջին օրը քննարկուած են Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուած հարցեր, ընդ որում` շեշտը դրուած է ճանաչումէն հատուցման խնդիրին անցնելու ժամանակին հասած ըլլալուն վրայ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այն հարցին, թէ եւրոպահայ համայնքները զարգացնելու, կազմակերպելու ինչ կերպար պէտք է յառաջ մղուի: Քննարկուած են թուրք-ազրպէյճանական լոպիիստական կազմակերպութիւններուն աշխատանքները Եւրոպայի մէջ, անոնց հակադարձելու կարելիութիւնները, նշուած է, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ համագործակցիլ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ: Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, Ջաւախքի խնդիրները` կարեւոր նկատելով այս նիւթերով յատուկ խորհրդաժողովի կայացումը:

Մանոյեան յայտնած է, որ համագումարի երկրորդ օրուան ընթացքին քննարկուած հիմնական նիւթերէն եղած է Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը: Քննարկման մասնակցած են հայ, ինչպէս նաեւ օտար փորձագէտներ եւ զեկուցողներ: Կիրօ Մանոյեան ընդգծած է, որ հիմնական շեշտը դրուած է Ցեղասպանութեան ճանաչման ինքնանպատակ չըլլալուն վրայ, այլ անով կարելի է հասկնալ նաեւ հատուցում, որուն որոշ կարելիութիւններուն մասին տեսակէտներ արտայայտուած են:

Համագումարին ընթացքին կրկին բարձրաձայնուած են փոխհատուցման երեք մակարդակները, որոնք պէտք է ապահովուին Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ առաջին մակարդակը կը վերաբերի տարածքային փոխհատուցման: Ան նշեց, որ այս տեսանկիւնէն համագումարին ընթացքին ընդգծուեցաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններէն հրաժարելու կարեւորութիւնը: Ըստ անոր, նշուեցաւ, որ որոշ առումով պէտք է նախապատրաստուիլ` միջազգային դատական ատեաններուն մէջ հարցը ըստ էութեան բարձրացնելու վերաբերեալ: Իբրեւ երկրորդ մակարդակ Մանոյեան նշեց ունեցուածքի հարցը` եկեղեցիներուն եւ ազգային կառոյցներուն: Մանոյեան յայտնեց, որ երրորդը կը վերաբերի առանձին մարդոց իրաւունքներուն եւ փոխհատուցումներուն: Անոր համաձայն, այդ պարագային ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է հաշուի առնել իրաւայաջորդներու իրաւունքներու խախտումի անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ Մանոյեանի, քննարկուած է նաեւ շրջանի, մասնաւորաբար Հայաստանի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ: Ան նշած է, որ այս ծիրին մէջ քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը: Մանոյեան մասնակիցներէն առանձնացուցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի դիրքորոշումը, որ նշած է, թէ անհրաժեշտ է բանակցութիւններուն Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած լուծման ծրարը միասնական ծրար է եւ կարելի չէ ատիկա առանձնացնել:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ մինչեւ 100-ամեակի աւարտը Թուրքիա պիտի չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան նշեց, որ 100-ամեակին  ընդառաջ Թուրքիա անպայման քայլեր պիտի առնէ` իր վրայ եղած ճնշումները մեղմացնելու համար, որպէսզի ցոյց տայ, թէ որոշ հոլովոյթ կայ Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ: «Չեմ կարծեր, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին գծով կարելի է որեւէ բան ակնկալել մինչեւ 2015` յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կամ քրտական հարցի առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլեր չէ առած, եւ այդ հարցերը իրենց լրումին չէ հասցուցած»:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Թուրքիա անընդհատ ծրագիրներ կը մշակէ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ երկրին մէջ եւ անկէ դուրս կարգ մը քայլերու կը դիմէ, սակայն խորքին մէջ ոչինչ կ՛ընէ:

Անդրադառնալով Զօրի Բալայեանի նամակին` Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Զօրի Բալայեանը պէտք չէ մեղադրել իր տեսակէտը յայտնելուն մէջ: Ան այդ տեսակէտը 25 տարիէ աւելի է ունի եւ կը յայտնէ»:

Սակայն, ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը այդ դիրքորոշումը չի կիսեր, փոխարէնը համաձայն է Զօրի Բալայեանի` փանթուրքիստական վտանգի եւ սպառնալիքներուն մասին ահազանգին: Զօրի Բալայեան ասոնցմէ պաշտպանուելու ձեւը կը նկատէ Հայաստանի ու Արցախի Ռուսիոյ կցորդ ըլլալը:

Մանոյեանի կարծիքով, Ռուսիան պէտք է ընդունիլ որպէս մեր ռազմավարական դաշնակիցը. «Ռուսիան Հայաստանի կարիք ունի առնուազն այնքան, որքան Հայաստանը` Ռուսիոյ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES