Բակօ Սահակեան. «Արցախը Հետաքրքրուած Է Հոլանտայի Հետ Յարաբերութիւններու Զարգացմամբ»
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 հոկտեմբերին Հաագայի մէջ հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հոլանտա-Արցախ խորհրդարանական կապերու զարգացման, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտ մեծապէս հետաքրքրուած է Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ` նշելով, որ ատոր համար առկայ են խոստմնալից հեռանկարներ:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցած է նաեւ հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ` քննարկելով հայ համայնքի եւ Արցախի միջեւ կապերու ամրապնդմանն առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հոլանտահայութեան` Արցախին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար, նշելով, որ կ՛ակնկալէ մեր հայրենակիցներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2013-ի հեռուստամարաթօնին եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:

