Ճատրակ. Սեւակ Մխիթարեանի Յաջողութիւնը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) երէկ նշեց, որ պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մոկի տաս Քրուզեսի (Պրազիլ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 7 կէտէն 6 կէտ ապահովելով` տիրացաւ տիտղոսին, առանց պարտութիւն կրելու:

Այլ պրազիլահայ մը, ՖԻՏԷ-ի Մասթըր Արմէն Փրուտեան` 5 կէտ ապահովելով, գրաւեց 9-րդ դիրքը:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 ճատրակ խաղացողներ:

Share this Article
CATEGORIES