Լոյեւ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2016
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակած լուրի մը մէջ նշեց, թէ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ իր պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգելով` համաձայն գտնուեցաւ իր պաշտօնը շարունակել մինչեւ 2016:
Սկզբունքով, 53 տարեկան մարզիչին պայմանագրութիւնը կ՛երկարէր մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին աւարտը: Ան մարզիչ նշանակուեցաւ 2006-ին:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Վոլֆկանկ Նիերսպախ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անոր մարզիչ ժամանումէն ի վեր, Գերմանիա աշխարհի կամ Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին չորս խումբերուն մէջ եղած է:
CATEGORIES Մարզական

