Սան Մարինոյի Մարզիչը Հրաժարեցաւ. 15 Տարի, 85 Մրցում Եւ… Ոչ Մէկ Յաղթանակ

Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ուքրանիայէն իր կրած պարտութենէն ետք (8-0), Սան Մարինոյի մարզիչը Ճամփաուլօ Մայա ներկայացուց իր հրաժարականը:

1998-էն ի վեր խումբին մարզիչը ըլլալով` ան խումբին հետ կատարեց 85 մրցում: Սակայն 15 տարուան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին խումբը ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրեց` կրելով 84 պարտութիւն եւ արձանագրելով միայն հաւասարութիւն մը:

Սան Մարինօ իր միակ կէտը ապահովեց 25 ապրիլ 2001-ին` Լաթվիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )