Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Ախոյեանը Շաբթուան Մը Համար Փորձեր Պիտի Կատարէ Ֆորմիւլա-Ռընոյի Ինքնաշարժով
Այսօր` շաբաթ, 19 հոկտեմբերին, կ՛աւարտի Լիբանանի Քարթինկ-ի 2013-ի ախոյեանութիւնը` Փիթ Սթափ-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունենալիք 5-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումով:
Միջին Արեւելքի Մոթորսփորթց Մենէյճմընթ ընկերութիւնը (MEM), երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացողը պիտի ստանայ յատուկ նուէր մը եւ մէկ շաբթուան համար պիտի մեկնի Անգլիա, հոն փորձեր կատարելու համար Ֆորմիւլա – Ռընոյի ինքնաշարժով` Սիլվըրսթոնի հանրածանօթ վազքուղիին վրայ:
Իր այս քայլով MEM-ը նպատակ ունի լիբանանցի փորձառու վարորդներուն առիթ ընձեռել, որպէսզի անոնք միջազգային փորձառութիւն ձեռք ձգեն Ֆորմիւլա – Ռընոյի աշխարհին մէջ:
Առ ի տեղեկութիւն, նշենք, որ Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցողները, Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութեան մասնակցելէ ետք է, որ փորձառութիւն ձեռք ձգելով հասած են այդ հանգրուանը: Անոնցմէ կարելի է յիշել Սեպասթիան Վեթելը, Լուիս Հեմիլթընը, Քիմի Ռայքոնը եւ ուրիշներ:

