Վաղը` Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին. Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի Մրցում

Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 20 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ հեծելարշաւի մրցում մը, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Նահր Մոթէն Պաապտեթ երկարող, «Մեթն Սարիհ» անունը կրող մայրուղիին վրայ (11 քմ):

Հեծելարշաւի այս մրցումը, նուիրուած է յիշատակին, Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն, որոնք Լիբանանի հեծելարշաւի աշխարհին մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են անցեալին` սկսելով 1950-ականներէն, հասնելով մինչեւ 21-րդ դարուն սկիզբը:

Նկատի ունենալով, որ Վարդգէս Ծատուրեան անցեալին մաս կազմած է Պրումմանայի քաղաքապետութեան, որոշուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը կատարել Պրումմանայի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )